image

Վճռական ենք կրօնապաշտ սերունդ մեծցնելու հարցին մէջ. Էրտողան

Վճռական ենք կրօնապաշտ սերունդ մեծցնելու հարցին  մէջ. Էրտողան

Թրքական diken.com.tr կայքը կը գրէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան  յայտարարած է, որ  որ շատ վճռական է  «կրօնապաշտ» սերունդ մեծցնելու հարցին մէջ եւ  մօտ ապագային այդ ուղղութեամբ  լուրջ քայլեր պիտի ձեռնարկէ:

Էրտողան ըսած է. «Ալլահի կամքով՝ ոչ ոք պիտի կրնայ  իջեցնել թրքական դրօշը ու լռեցնել մեր մզկիթներու աղօթքը: Մենք վճռական ենք մեծցնելու սերունդ մը, որ լաւ կը ճանչնայ իր կրօնն ու մշակոյթը»:

 

Նշենք, որ Թուրքիան Օսմանեան կայսրութեան տապալումէն յետոյ անցած է աշխարհիկ հասարակութեան եւ մշակուած է եւրոպական տիպի սահմանադրութիւն, արգիլուած է հիճապը, կանայք ներառուած են կրթական համակարգի մէջ, բազմաթիւ մզկիթներ վերածուած են արուեստի կեդրոններու, դպրոցներու եւ զինանոցներու:

 

1980-ի ռազմական յեղաշրջումէն  յետոյ պաշտօնապէս արգիլուեցաւ գլխաշոր կրել ուսումնական եւ պետական  հաստատութիւններու մէջ:

 

Յետագային, Էրտողանը եւ իր կուսակցութիւնը վերացուցին գլխաշոր կրելու արգելքը: Նշենք, որ այդ եղած էր Էրտողանի քարոզարշաւի առանցքային կէտերէն մէկը: