image

Վրաստանի նախագահը յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին (Լուսանկարներ)

Վրաստանի նախագահը յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին (Լուսանկարներ)

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Վրաստանի նախագահը ծաղիկներ խոնարհած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող անմար կրակի մօտ:

Սալոմէ Զուրապիշվիլին եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, ծանօթացած է Ցեղասպանութեան մասին վկայող նիւթերուն. գրառում կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:

Վրաստանի նախագահին կ՝ուղեկցէին ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը եւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը:

Նշենք, որ սա որպէս նախագահ Զուրապիշվիլիի առաջին այցն է Հայաստան: Տարածաշրջանային շրջագայութիւնը Զուրապիշվիլին սկսած է Ատրպէյճանէն, ուր նախագահ Ալիեւի հետ քննարկած է երկու երկիրներու ռազմավարական համագործակցութեան հիմնական առաջնահերթութիւնները:

Յիշեցնենք, որ 16 դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը Վրաստանի Թելաւի քաղաքին մէջ ներկայ գտնուած էր Սալոմէ Զուրապիշվիլիի երդմնակալութեան պաշտօնական արարողութեան:

Վրաստանի մէջ գտնուելով՝ նախագահ Սարգսեանը շեշտած էր, որ կ'ակնկալէ աշխատիլ Վրաստանի նոր իշխանութիւններուն հետ: