image

Լոս Անճելըսի մէջ. ՀՀ Նախագահը ընդունած է ամերիկահայ հանրայայտ գործիչ՝ Երուանդ Զօրեանը

Լոս Անճելըսի մէջ. ՀՀ Նախագահը ընդունած է ամերիկահայ հանրայայտ գործիչ՝ Երուանդ Զօրեանը

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ԱՄՆ կատարած այցի ընթացքին հանդիպում ունեցած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Սիլիքոնեան հովիտի մասնաճիւղի եւ Սինոփսիս Արմենիա ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանի հետ:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՀՀ Նախագահականի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Հանդիպման ընթացքին Երուանդ Զօրեանը նախագահին ներկայացուցած է 2000-ականներու սկիզբէն ի վեր Սինոփսիս ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուած ծրագրերը, սթարթափերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարած է ընթացիկ նախաձեռնութիւններուն։

Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Սիլիքոնային հովտի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առկայ սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Այս ծիրէն ներս անդրադարձ կատարուած է նաեւ ամերիկեան կողմի հետ համագործակցութեամբ կիսահաղորդիչներու արտադրութեան մեկնարկի ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու խթանմանն ու ջանքերու մէկտեղման։

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն իր խօսքին մէջ մանրամասներ յայտնած է Հայաստանի տնտեսութեան մէջ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի մասնաբաժնի եւ վերջինիս կարեւոր դերակատարութեան վերաբերեալ։

Հանդիպման միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կիրառման, եւ ընթացիկ թուայնացման աշխատանքներու վերաբերեալ, որ պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման զուգահեռ, կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ այս ոլորտի մէջ փտածութեան երեւոյթներու նուազեցման եւ կանխարգելման գործին մէջ։

Զրոյցի ընթացքին կողմերը կարեւորած են կրթական համակարգի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի ներկայացուցիչներու համագործակցութեամբ կրթութեան բնագաւառին մէջ իրականացուող ներդրումներն ու կրթական ծրագրերու կեանքի կոչման ուղղուած քայլերը։

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարած է նաեւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան տասնամեակներու գործունէութեան։ Հանրապետութեան նախագահը շատ բարձր գնահատած է ՀԲԸՄ դերակատարութիւնը Հայաստանի պետականութեան կայացման ու ամրապնդման, հայապահպանութեան, կրթութեան, սոցիալական եւ այլ բնագաւառներու մէջ իրականացուող բազմաթիւ ծրագրերու կեանքի կոչման գործին մէջ։

Նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ ՀԲԸՄ-ն առաջիկային ալ պիտի շարունակէ իր կարեւոր առաքելութիւնը Հայաստանի պետականութեան հզօրացման, Սփիւռք-Հայաստան կապերու ամրապնդման եւ սերտացման գործին մէջ։

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն առանձնայատուկ կարեւորած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան գործունէութեան վերկուսակցական բնոյթը եւ մշտապէս պետականութեան կողքին գտնուելու եւ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ իր նպաստն ունենալու սկզբունքային դիրքորոշումը։

Հանրապետութեան նախագահը շեշտած է հնարաւոր բոլոր բնագաւառներու մէջ հայաստանեան պետական մարմիններու եւ ՀԲԸՄ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է իր հնարաւորութիւններու եւ լիազօրութիւններու շրջածիրէն ներս աջակցիլ ՀԲԸՄ նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագրերու կեանքի կոչման։