image

Յարգանքի տուրք` Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ

Յարգանքի տուրք` Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ

Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, զինուորականներ, օրէնսդիր ու գործադիր մարմնի անդամներն այցելած են «Յաղթանակ» զբօսայգի:

ՀՀ վարչապետն ու բարձրագոյն ղեկավար կազմը ծաղիկներ դրած են Անյայտ զինուորի յուշարձանին ու յարգանքի տուրք մատուցած Հայրենական մեծ պատերազմին եւ Շուշիի ազատագրման պայքարին զոհուած հերոսներու յիշատակին:

Նիկոլ Փաշինեանը մօտեցած է զբօսայգի ժամանած վեթերաններուն՝ շնորհաւորած անոնց տօնական օրուան առթիւ եւ մաղթած առողջութիւն: