image

Կազմակերպութեամբ՝ ՀԱԵ-ի Մանկական ծառայութիւններու առաջնորդներուն համար սեմինար

Կազմակերպութեամբ՝ ՀԱԵ-ի Մանկական ծառայութիւններու առաջնորդներուն համար սեմինար

Մանկական ծառայութիւնը եկեղեցւոյ կարեւորագոյն ոլորտներէն մէկն է։ Երեխային սիրտը այն պարարտ հողն է, ուր այսօր պէտք է սերմանուին հաւատքի առաջին սերմերը, որպէսզի վաղը ունենանք ամուր հոգեւոր արմատներով սերունդ մը։ Այս ծառայութիւնը զօրացնելու եւ առաջնորդները անհրաժեշտ գիտելիքներով զինելու նպատակով Հայաստանյայց Աւետարանական եկեղեցիի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժինը կազմակերպեց սեմինար մը շուրջ 170 առաջնորդներու համար, որոնք նախանձախնդրութեամբ կը ծառայեն ՀԱԵ-ի 22 տեղական եկեղեցիներու մանկական խումբերուն մէջ։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը։

Հանդիպումները կայացան երկու փուլով՝ Վանաձորի Հայաստանյայց Ավետարանական եկեղեցիի մէջ եւ Երեւանի Բաղրամեան 18 հասցէին։

Սեմինարին ներկայացուեցան երեք կարեւոր նիւթեր՝ «Ի՞նչ է մանկական պաշտամունքը», «Լսարանի կառավարում» եւ «Աշխատանք կրթութեան առանձնայատուկ պայմաններու կարիք ունեցող երեխաներու հետ»։

Թեմաները ընտրուած էին այնպէս, որ արձագանգեն ծառայութեան ընթացքին յաճախ հանդիպող իրական դժուարութիւններուն։ Մասնակիցները վերանայեցին մանկական պաշտամունքի կառուցուածքը, բովանդակութիւնը, առաջնորդի կերպարը եւ անոր պատասխանատու դերը։ Առանձնակի ուշադրութիւն դարձուեցաւ լսարանի կառավարման հմտութիւններուն՝ նկատի ունենալով մեր օրերու երեխաներու վարքագիծի փոփոխութիւններն ու առանձնայատկութիւնները։

Նոր եւ կարեւոր բաժին մը նուիրուած էր կրթութեան առանձնայատուկ պայմաններու կարիք ունեցող երեխաներուն վերաբերող գիտելիքներուն եւ անոնց հետ աշխատանքի նրբութիւններուն։ Այս նիւթը ներկայացուց յատուկ հոգեբան դասընթացավար Հռիփսիմէ Գրիգորեանը։

Տեսական գիտելիքները զուգորդուեցան գործնական օրինակներով եւ բազմատեսակ հարցումներով, որոնք օգնեցին մասնակիցներուն ձեռք ձգելու կիրառելի հմտութիւններ՝ իւրաքանչիւր երեխայի հանդէպ անհատական եւ սիրով լի մօտեցում ցուցաբերելու համար։

Որպէս այս հանդիպումներուն գործնական շարունակութիւն՝ իւրաքանչիւր մասնակցի տրամադրուեցաւ «Մանկական առաջնորդի ձեռնարկը», որ կը ներառէ սեմինարի ամբողջական նիւթը եւ նախատեսուած է ծառայութեան ընթացքին իբրեւ ուղեցոյց օգտագործուելու համար։

Նման նախաձեռնութիւնները շարունակական պիտի ըլլան՝ նպաստելու համար, որ մեր առաջնորդները պատրաստուած եւ հաստատուն մնան երեխաները ճշմարտութեան ճանապարհին առաջնորդելու իրենց սրբազան առաքելութեան մէջ։