Վրաստան COVAX հարթակի միջոցով ստացած է AstraZeneca ընկերութեան մշակած եւ Հարաւային Քորէա արտադրուած «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստի 43200 դեղաչափի առաջին խմբաքանակը, գրած է rbc.ru-ն, նշելով, որ այս Վրաստան առաքուող պատուաստներու առաջին խմբաքանակն է:
Վրաստանի առողջապահութեան նախարար՝ Էքաթերինէ Թիքարաձէի խօսքով՝ երկիրը պատուաստ պիտի ստանայ փուլ առ փուլ: Ըստ Վրաստանի պատուաստման ծրագրի` առաջին փուլին երկրին մէջ կը պատուաստուին բուժաշխատողները:
Առաջիկայ շաբաթներու ընթացքին երկիրը պատուաստի 129 600 դեղաչափ եւս կը ստանայ: