image

Հանրայայտ վարսայարդար, շրջանաւարտ սան՝ Կարօ Հացպանեանի այցելութիւնը

Հանրայայտ վարսայարդար, շրջանաւարտ սան՝ Կարօ Հացպանեանի այցելութիւնը

Օրերս միջազգային ճանաչման արժանացած շնորհալի վարսայարդար Կարօ Հացպանեան (որ եղած է նոյնանուն վարժարանի շրջաւարատներէն) այցելութիւն տուած է Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան։

Ստորեւ այցին մասին «Արեւելք»ին յղուած հաղորդագրութիւնը՝

10 Փետրուար 2026-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը պատիւն ունեցաւ հիւրընկալելու իր ամենանշանաւոր նախկին աշակերտներէն մէկը՝ աշխարհահռչակ վարսայարդար եւ գործարար Կարօ Հացպանեանը:

Պրն. Հացպանեան ջերմ եւ օգտաշատ տեսակցութիւն մը ունեցաւ տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստի հետ, վերյիշելով 1950-ական թուականներուն Մեսրոպեանի մէջ անցուցած իր կազմաւորման տարիները: Ան բաժնեկցեցաւ Պուրճ Համուտի Կիլիկիա թաղամասի իր աշակերտական տարիներուն յիշատակները, որոնք խառն էին ուրախութեամբ եւ այդ ժամանակներուն յատուկ բազում դժուարութիւններով։ Թէեւ նիւթական դժուարութիւնները ստիպեցին զինք ընդհատել իր կանոնաւոր ուսումը, սակայն Պրն․ Հացպանեան, շնորհիւ անհատնում աշխատասիրութեան, հաստատակամութեան եւ նուիրումին, կրցաւ ճամբայ հարթել դէպի գերազանցութիւն եւ միջազգային լայն ճանաչում՝ վարսայարդարութեան ասպարէզին մէջ:

1960-ականներուն Պէյրութի շքեղ սրահներուն մէջ իր հմտութիւնները կատարելագործելէ ետք, երիտասարդ Կարօն 1968-ին տեղափոխուեցաւ Ապիճան (Քոթ տ'Իվուար), ուր հասաւ անհաւատալի բարձունքներու. ան դարձաւ երկրին նախագահին անձնական վարսայարդարը եւ մշակութային կեանքի առանցքային դէմքերէն մէկը։ Անոր ներդրումը վերջերս մեծարուեցաւ աննախընթաց կերպով, երբ Ապիճանի կեդրոնական փողոցներէն մէկը անուանակոչուեցաւ իր անունով:

Պրն. Հացպանեանի յաջողութիւնը տարածուեցաւ մինչեւ Փարիզ, ուր ան ունեցաւ իր սեփական սրահները եւ գեղեցկագիտական նիւթերու սեփական արտադրութիւնը։ Անոր ուղին պսակուած է միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու տպաւորիչ շարքով մը։

Տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այս այցելութեան համար՝ նշելով, որ Կարոյի կեանքին պատմութիւնը հզօր վկայութիւն մըն է այն մասին, թէ ի՛նչ կարելի է իրագործել տաղանդի, կարգապահութեան եւ մասնագիտութեան հանդէպ խոր սիրոյ միջոցով: Անոր ճամբան՝ Պուրճ Համուտի համեստ թաղերէն մինչեւ Ապիճանի եւ Փարիզի միջազգային բեմերը, մնայուն ներշնչման աղբիւր է Մեսրոպեանի աշակերտութեան նոր սերունդին համար:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Կարօ Հացպանեանին՝ իր Մեսրոպեանական տունը վերադառնալուն եւ մեր վարժարանին ու համայնքին անունը աշխարհի չորս ծագերուն պայծառօրէն ներկայացնելուն համար: