Յարութ Թահմազեան կը գրէ ՝«Բոլորս նոյն տխրութեամբ սգացինք մահուանդ լուրը: Ճիշդ է, բոլորս ալ գիտէինք, որ կը տառապէիր այդ մահացու հիւանդութենէն, բայց եւ այնպէս հրաշքի մը կը սպասէինք: Բայց հրաշքը չկատարուեցաւ եւ բաժնուեցար բոլորէս: Բաժնուեցար մարմնով բայց ոչ հոգեպէս: Դուն պիտի մնաս միշտ մեր յիշողութիւններուն մէջ, ժպիտը դէմքիդ եւ ժպիտ բաժնելով ուրիշներուն: Թատրոնը սիրեցիր ու թատրոնն ալ քեզ սիրեց: Եռանդդ ու կորովդ միշտ ուժ կու տար միւսներուն: Դերասանութիւնը քեզի համար պարզ բան էր, բնաւ չէիր դժգոհեր: Ո՛չ, ո՛չ, կը դժգոհէիր, այդ ալ ինչի՞ համար, հայերէն կարգ մը բառերու, որոնք դժուա- րութիւն կու տային քեզի, բայց տակէն կ՛ել- լէիր քու ստեղծած բառերովդ, որ կը կոչէիր «վռամերէն»: Վռամերէնով կը հասկցնէիր եւ այսպէս վռամերէնը դարձաւ մեր թատրոնի նոր լեզուն: Երբ դուն բացակայ էիր եւ երբ դժուարութեան առջեւ կը գտնուէինք, միշտ վռամերէնով կ՛արտայայտուէինք: Անակնկալ էր երբ վերադառնալէդ ետք քեզ տեսանք ձեռնափայտով. բոլորս ըսինք՝ բան մը չէ, կ՛անցնի: Դժուար էր համոզուիլը, որ Վռամը անբուժելի հիւանդութենէ կը տառապէր: Դուն որ խնճոյքներու սեղաններու շուրջ ամէն անգամ նոր երգ մը լսելուդ կ՛արտասուէիր ու «Ես ասոր համար եկայ Նայճերիայէն» կ՛ըսէիր: Հիմա մենք ենք որ կ՛արտասուինք ու կ՛ողբանք բացակայութեանդ համար: Երթաս բարով սիրելի ընկեր, երթաս բարով սիրելի ժըպտերես դերասան: Ժպիտդ միշտ մեզի հետ պիտի մնայ:
Յարութ Թահմազեան
ՅԳ –Եթէ բառ մը կայ որ կը դժուարանաս, դուն վռամերէն փորձէ ու այդպէս կարդայ..»