image

Վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթացը կ՚ընթանայ բնական հունով. Մամիջանեան

Վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթացը կ՚ընթանայ բնական  հունով. Մամիջանեան

Յարգելի հայրենակիցներ, «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնն առաջարկած է Ազգային ժողովի յայտարարութեան գրութիւն, որուն մէջ արձանագրուած փաստերը յայտնի են բոլորին: Յայտարարութեան ներկայացումէն ի վեր, թերեւս երկու կարեւորագոյն կէտ կարելի էր աւելցնել: Այս մասին ըսած է «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը՝ Ազգային ժողովէն ներս: 

«Առաջինը՝ երկրորդ կէտով «Արտաքին քաղաքականութիւն, արկածախնդրութիւն եւ զիջում» բաժնում, կարելի էր աւելի մանրամասն ներկայացնել այն անորոշութիւնները, որոնք առաջացել են Վաշինգտոնում կնքուած փաստաթղթերի հետ կապուած՝ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին ելոյթների համատեքստում: Երկրորդ՝ «Նահանջ ժողովրդավարութիւնից եւ մարդու իրաւունքների համատրած խախտումներ» հատուածում մենք ունենք եւս մէկ, խայտառակ, ապօրինի որոշման օրինակ, այն է՝ ուրբաթ օրը, Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի նկատմամբ կայացուած որոշումը, որը եւս մէկ անգամ ընդգծում է մեր երկրում ժողովրդավարութեան յետնահանջը»,-նշած է ան, աւելցնելով՝  չնայած «ժողովրդավարութեան յետնահանջ» բառակապակցութիւնը արդէն տեղին չէ, շատ մեղմ է այն գործընթացներու համար, որոնք տեղի կ՚ունենան մեր երկրին մէջ։ 

Հայկ Մամիջանեանն ըսած է, որ իրենց յայտարարութիւնն արդէն իսկ գրանցած է արդիւնքներ, մասնաւորապէս՝ լսումներու ժամանակ «Հայաստան» խմբակցութեան միացումը վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթացին եւ փաստաթուղթի ստորագրումը: 

«Ես, ճիշդն ասած, վերջին շրջանում նմանօրինակ կոնսոլիդացիայի դէպք չեմ յիշում, ուստի սա կարող ենք համարել լաւ սկիզբ: Առաջին հերթին մեր քաղաքացիներին տեղեկացնում եմ, որ սա վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց է, իսկ խօսակցականում իմպիչմենտի գործընթացը չէ: Սա յայտարարութիւն է, որն արձանագրել է մեր երկրում արտաքին քաղաքական եւ ներքաղաքական, ինչպէս նաեւ անվտանգային խնդիրները, իսկ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթացը ընթանում է իր հունով, եւ դա բացառապէս այլ գործընթաց է, այսինքն՝ որեւէ մէկի մօտ տպաւորութիւն չառաջանայ եւ այս երկու գործընթացները իրար հետ չշփոթեն»,-պարզաբանած է խմբակցութեան ղեկավարը:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը ներկայացուցած էր յայտարարութեան բովանդակութիւնը: