image

Վրաց-ռուսական սահմանին երկրաշարժ. ցնցումները զգացուած են նաեւ Հայաստանի մէջ

Վրաց-ռուսական սահմանին երկրաշարժ. ցնցումները զգացուած են նաեւ Հայաստանի մէջ

Վրաց-ռուսական սահմանին 5,5 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է: Այս մասին կը տեղեկանանք Sputnik Վրաստանէն։

Ցնցումները գրանցուած են տեղական ժամանակով ժամը 10:42-ին, Տաղստանի տարածքին՝ Վրաստանի հետ սահմանէն 25 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Երկրաշարժի օճախը գտնուած է 22 քմ խորութեան վրայ:

Ցնցումները զգացուած են Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ։ Զոհերու եւ աւերածութիւններու մասին տեղեկութիւններ չկան։

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնն ալ յայտնած է, որ երկրաշարժը զգացուած է Տաւուշի, Լոռիի մարզերուն մէջ` 3-4 բալ եւ Գեղարքունիքի մարզին մէջ` 3 բալ ուժգնութեամբ։