Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայէպ Էրտողան շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին առիթով։
Ուղերձին մէջ ըսուած է․
«Իմ ժողովուրդի եւ անձամբ իմ անունով սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ 2026 թուականի Յունիս 7-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ձեր ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան արձանագրած յաջողութեան առիթով, եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ երրորդ անգամ կառավարութիւն ձեւաւորելու գործին մէջ։
Ես լիովին համոզուած եմ, որ տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ համագործակցութեան ապահովման վերաբերեալ Ձեր ռազմավարական տեսլականը յաջողութեամբ պիտի հասնի իր աւարտին։
Առիթէն օգտուելով՝ անգամ մը եւս Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն, իսկ Հայաստանի ժողովուրդին՝ բարգաւաճում եւ երջանկութիւն»։