image

Փութինը Տումայի ընտրութիւններու օր պիտի նշանակէ

Փութինը Տումայի ընտրութիւններու օր պիտի նշանակէ

Վլատիմիր Փութին պիտի ստորագրէ Պետական Տումայի ընտրութիւնները նշանակելու մասին հրամանագիրը։ Այս մասին յայտարարած է անոր մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

«Նախագահի համապատասխան հրամանագիրը պիտի ստորագրուի օրէնքով նախատեսուած համապատասխան ժամկէտներուն», լրագրողներուն ըսած է Փեսքովը՝ պատասխանելով համապատասխան հարցին։

Ռուսական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ Պետական Տումայի ընտրութիւնները պիտի կայանան Սեպտեմբեր 20-ին։