Հալէպի մօտ գտնուող Աֆրին քաղաքի քիւրտերու խմբաւորումը յատուկ ժողովէ մը ետք՝ որոշած է փակել Հալէպէն Աֆրին տանող ճամբան:
Այս մասին տեղեկութիւն տուած է «Ալ Մայատին» կայանի լրագրողներէն մին:
Ըստ լրագրողին՝ քիւրտերու խմբաւորումը այս որոշումը կայացուցած է, որպէսզի «հանգիստ», առանց միջամտութիւններու, շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Քրտական խմբաւորումը նաեւ որոշած է փոխել Աֆրին մտնող եւ Աֆրինէն ելլող ինքնաշարժերուն թիւերը, որոնք կը պատկանին սուրիական կառավարութեան: Ըստ նոյն աղբիւրին, շրջանի քիւրտ պատասխանատուները Աֆրին քաղաքին եւ անոր շուրջ շրջագայող ինքնաշարժներուն համար յատուկ համարներ պատրաստած են: