image

Ատրպէյճանի մէջ թալիշ Իկպալ Ապիլովը 18 տարուան ազատազրկման դատապարտուած է՝ «ՀՀ յատուկ ծառաիւթյուններու հետ համագործակցութեան» համար

Ատրպէյճանի մէջ թալիշ Իկպալ Ապիլովը 18 տարուան ազատազրկման դատապարտուած է՝ «ՀՀ յատուկ ծառաիւթյուններու հետ համագործակցութեան» համար

Ատրպէյճանի մէջ աւարտած է պետական ​​դաւաճանութեան համար մեղադրուող ազգութեամբ թալիշ, թալիշագէտ Իկպալ Ապիլովի դատավարութիւնը։ Ան դատապարտուած է 18 տարուան ազատազրկման՝ իբրեւ թէ «ՀՀ յատուկ ծառայութիւններու հետ համագործակցութեան» համար:

Դատավճիռը հրապարակուած է Լենքորանի ծանր յանցագործութիւններու դատարանի կողմէ՝ դատաւոր Համատ Նուրիեւի նախագահութեամբ։

Ըստ հետաքննութեան՝ արտերկրի մէջ բնակող Իկպալ Ապիլովը գործած է «հայկական յատուկ ծառայութիւններու ցուցումով» եւ ձերբակալուած է Ատրպէյճանի պետական ​​անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուած յատուկ գործողութեան հետեւանքով։