image

Ուրուկուայի մէջ. Փարաճանովեան ֆիլմերու շաբաթ

Ուրուկուայի մէջ. Փարաճանովեան ֆիլմերու շաբաթ

Մոնթեվիտէոյի «Cinemateca Uruguaya»-ի մէջ Սերգեյ Փարաճանովի 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած է  Փարաճանովեան ֆիլմերու շաբթոը:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Հոկտեմբեր 2-ին, Մոնթեվիտէոյի «Cinemateca Uruguaya»-ի մէջ տեղի ունեցած է Սերգեյ Փարաճանովի 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ֆիլմերու շաբթուան բացման արարողութիւնը: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկած են Հայաստանի դեսպան Մարիամ Գէորգեան եւ հայկական ֆիլմերու ցուցադրման «Cinemateca Armenia» ծրագրի հիմնադիր, Ուրուկուայի հայ համայնքի ծանօթ դէմքերէն, շարժարուեստի գործիչ Ժագ Պօղոսեան՝ ներկայացնելով մեծանուն բեմադիրը եւ արժեւորելով անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնը:

Ժապաւէններու ցուցադրութեան շրջանակին մէջ Հոկտեմբեր 2-7 ուրուկուայցի հանդիսատեսին առիթ ընծայուած է դիտելու Փարաճանովի ծանօթ ֆիլմերը՝ «Նռան գոյնը», «Անդրիեշ», «Աշուղ Ղարիբ», «Մոռացուած նախնիների ստուերները», «Յակոբ Յովնաթանեան», «Սուրամի ամրոցի լեգենդը»:

Ֆիլմերու ցուցադրութեան բացման արարողութեան նախորդած է Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում մը՝ տեղացի լրագրողներու, շարժանկարի բեմադիրներու եւ բեմագիրներու հետ, որու ընթացքին դեսպանը եւ Ժագ Պօղոսեան ներկայացուցած են Փարաճանովի կեանքն ու ստեղծագործական ուղին։ Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Ուրուկուայի Ներկայացուցիչներու պալատի փոխնախագահ հայազգի Փետրօ Խիստոնեան: