image

Ուրուկուայէն կոչ՝ Ատրպէյճանին. ազատ արձակել Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները

Ուրուկուայէն կոչ՝ Ատրպէյճանին. ազատ արձակել Պաքուի մէջ պահուող հայ  գերիները

Ուրուկուայի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անա Օլիվերան, Ուրուկուայի նախկին նախագահներ Խուլիօ Մարիա Սանկինեթթին եւ Լուիս Ալպերթօ Լաքաժէ Էրեռան, 45 պատգամաւոր եւ 4 ծերակուտական Ատրպէյճանին կոչ ըրած են ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները:

Այս մասին յայտնած է Ուրուկուայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

Ուրուկուայցի քաղաքական գործիչներն այդ մասին յայտարարութիւն տարածած են։ 

«Կ՚ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առաջընթացը եւ կը կարեւորենք յարգանքը երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ՝ մարդասիրական խնդիրներու լուծումը։

Այս պարունակին մէջ, կոչ կ՚ընենք Ատրպէյճանին՝ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան ամենամեայ հեղինակաւոր համաժողովի՝ COP29-ի հիւրընկալող երկրին, անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները՝ ատով իսկ ամրապնդելով երկու կողմերու միջեւ վստահութիւնը հաշտեցման այս պատմական պահուն։ Միաժամանակ, կ՚ընդգծենք ուժի կիրառման անթոյլատրելիութիւնը եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէն եւ ատելութեան խօսքէն զերծ մնալու կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման չխոչընդոտելու համար».-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: