Ռուսիոյ դէմ պատերազմին յաղթող Ուքրանիան պիտի դառնայ Եւրոմիութեան անդամ. այս մասին 9 փետրուարին Եւրոխորհրդարանի մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին, յայտնած է korrespondent.net-ը:
«Մենք կը մօտենանք Եւրոմիութեան, Ուքրանիան, որ կը յաղթէ, պիտի դառնայ Եւրոմիութեան անդամ»,-ըսած է ան։
Զելենսքին վստահութիւն յայտնած է, որ Եւրոմիութիւնը դրական գնահատական կը պատրաստէ Ռուսիոյ դէմ պատերազմող եւ միեւնոյն ժամանակ իր հիմնարկները արդիականացնող Ուքրանիոյ ներքին բարեփոխումներուն։
«Մենք կը պաշտպանուինք ժամանակակից աշխարհի ամենահակաեւրոպական ուժէն եւ պէտք է պաշտպանուինք… Արդեօք այդ հնարաւոր կ'ըլլա՞յ, եթէ մենք չյաղթահարենք այս հակաեւրոպական ուժը, որ կը ձգտի մեզմէ գողնալ Եւրոպան: Ո՛չ:Միայն մեր յաղթանակը կ'երաշխաւորէ այս ամէնը, մեր իւրաքանչիւր ընդհանուր եւրոպական արժէք, մեր պարտադիր յաղթանակը»,-ըսած է ան։
Զելենսքիի խօսքով՝ Ռուսիոյ վտանգը «միայն այն է, որ կայ բռնապետ՝ զէնքի հսկայական պաշարով, ինչպէս նաեւ այլ բռնապետութիւններու, մասնաւորապէս՝ իրանական ռեժիմի զէնքերով»։
Իր հերթին Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլան Զելենսքիին ուղղուած իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսած է, որ Ուքրանիան պիտի ըլլայ Եւրոմիութեան անդամ։
«Հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ Եւրոպական Ժողովրդավարութեան այս պալատը, անոր անդամները, մեր Եւրոմիութիւնը միշտ ձեր կողքին եղած են: Մենք կը հասկնանք, որ դուք կը պայքարիք ոչ միայն ձեր արժէքներու, այլ նաեւ մեր, այն գաղափարներու համար, որոնք մեզ բոլորս եւրոպացի կը դարձնէ: Ուստի, Ուքրանիան Եւրոպան է, իսկ ձեր ժողովուրդի ապագան Եւրոմիութեան մէջ է»,-ըսած է ան։
Եւրոխորհրդարանի նախագահը կոչ ըրած է Եւրոմիութեան աջակցութիւն ցուցաբերելու Ուքրանիոյ «ոչ միայն խօսքերով, այլեւ գործով, քաղաքական կամք՝ երաշխաւորելու հեշտ, հնարաւորինս արագ անդամակցութեան գործընթացը»: