image

Միրզոյեան կարեւոր շեշտեր ներկայացուց «ԹՐԻՓ»ի վերաբերեալ

Միրզոյեան կարեւոր շեշտեր ներկայացուց «ԹՐԻՓ»ի վերաբերեալ

Միացեալ Նահանգները, TRIPP-ի զարգացման ամերիկեան ընկերութեան միջոցով, պիտի ունենայ TRIPP-ի զարգացման՝ մեր հայաստանեան ընկերութեան բաժնեմասերու 74%-ը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ 26%-ը։ Այս մասին Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի հերթական նիստին յայտնած է Արտաքին գործոց եւ միջազգայաին առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան։

«Այս կարգավորումը կը գործի 49 տարով, կողմերը, ի հարկէ, կարող են երկարացնել իրենց իրաւայարաբերութիւնները եւ նախագծի կենսագործումը: Այս դէպքում ավտոմատ կերպով, առանց ՀՀ-ի կողմից որեւէ այլ յաւելեալ ներգրաւման, ներդրման, ֆինանսական կամ այլն, միանգամից ՀՀ-ի բաժնեմասերը կը դառնան 49%, իսկ TRIPP զարգացման Միացեալ Նահանգների ընկերութեան բաժնեմասերը կը դառնան 51%», նշած է ան։

Միրզոյեան ընդգծած է, որ որոշումներու ընդունման կարգը եւս չափազանց կարեւոր է։

«Սահմանւում են հարցերի շրջանակ, որոնցում, անկախ բաժնեմասերի՝ մեր 26%-ն ունենալուց, անպայմանօրէն անհրաժեշտ է լինելու ՀՀ-ի համաձայնութիւնը: Այդ հարցերի շրջանակը բաւականին լայն է, բաւական կարեւոր է:

Այնպիսի իրավիճակ չի կարող լինել, որ Միացեալ Նահանգները, ի դէմս TRIPP զարգացման ընկերութիւն ԱՄՆ-ի, որոշի իր ունեցած 74% բաժնեմասից, ասենք՝ 1%-ը նուիրել որեւէ անհատի կամ որեւէ երկրի՝ առանց ՀՀ-ի  համաձայնութեան: Կնքել որեւէ խոշոր ֆինանսական պայմանագրային գործարքներ, կոնսեսիոն պայմանների հաստատում, դուստր կամ յատուկ նշանակութեան կազմակերպութիւնների ստեղծում, նաեւ՝ ազգային անվտանգութեան եւ քաղաքական նշանակութեան այլ հարցեր, այսինքն՝ հարցերի բաւականին լայն շրջանակ, անկախ մեր ընդամէնը 26% կամ ընդհուպ մինչեւ 26% ունենալու հանգամանքի, նոյնիսկ եթէ մէկ ձայն ունենք, այդ հարցերի շրջանակով ՀՀ ձայնը, համաձայնութիւնը պարտադիր է»,-մանրամասնած է Արտաքին գործոց եւ միջազգայաին առեւտուրի նախարարը: