image

Պէյրութ. Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք Մինասեան պատուեց լիբանանեան մամուլը. «թոյլ մի՛ տաք, որ ճշմարտութիւնը լիբանանի մէջ որբ դառնայ»

Պէյրութ. Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք Մինասեան պատուեց լիբանանեան մամուլը. «թոյլ մի՛ տաք, որ ճշմարտութիւնը լիբանանի մէջ որբ դառնայ»

Պատրիարք Մինասեան յայտարարեց, որ հայ կաթողիկէները երբեք Լիբանանի մէջ հիւրեր չեն եղած եւ պիտի չըլլան։

«Մենք Լիբանանի հիւրերը չենք, այլ անոր հիւսուածքին մէկ հարազատ մասը», ըսաւ ան՝ ընդգծելով հայ համայնքի ներդրումը երկրի մշակոյթին, տնտեսութեան, հաստատութիւններուն եւ հանրային կեանքին մէջ։

«Լիբանանը մեզի համար բնակութեան վայր մը չէ միայն, այլ պատկանելիութեան հայրենիք, առաքելութիւն եւ ճակատագիր է»։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան երէկ երեկոյեան, էշրաֆիէի Ժահթաուի շրջանին մէջ գտնուող Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի մէջ, պատուոյ ընթրիք մը կազմակերպեց լիբանանեան մամուլի եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։

Երեկոյթին ներկայ էին Լիբանանի Առաջին Տիկին Նահմաթ Աուն՝ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աունի ներկայացուցիչը, Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մըրքոս, Մամուլի Սենտիքոս Աունի Էլ Քաաքի, Խմբագիրներու Սենտիքոս Ժոզէֆ Քըսէյֆի, Հանրապետութեան նախագահութեան Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէն Ռաֆիք Շալալա, Տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Հասան Ֆըլհէ, Լիբանանի Հեռատեսիլի տնօրէնութեան նախագահուհի Էլիսար Նատաֆ, Ազգային Լրատուական Գործակալութեան խմբագրապետ Ռանա Շեհապետտին, Կաթողիկէ Մամլոյ Կեդրոնի տնօրէն Մոնս. Ապտօ Ապու Քասեմ, TV Charité-ի ընդհանուր տնօրէն Տ. Շարպէլ Ժաժա, NoorSat-ի տնօրէնութեան նախագահ Ժաք Քալասի, Մամուլի Սենտիքայի փոխնախագահ Ժորժ Սոլաժ, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մամլոյ խորհրդական Ֆարէս Ժըմայէլ, «Լիբանանի Ձայն » ձայնասփիւռի ընդհանուր տնօրէն Ասատ Մարուն, Մամուլի Ակումբի նախագահ Պասսամ Ապու Զէյտ եւ այլ պաշտօնական ու լրատուական դէմքեր։

Երեկոյթին մասնակցեցան նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մեծաւոր եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Գերյ. Հայր Մաշտոց Ծ.Վրդ. Զահթէրեան, Պատրիարքարանի եւ ծխական համայնքներու հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ գրաւոր, ձայնային, տեսողական, առցանց եւ ընկերային ցանցերու բազմաթիւ լրագրողներ։

Երեկոյթը սկսաւ Լիբանանի ազգային քայլերգով։ Ապա Պատրիարքարանի Հանրային Յարաբերութիւններու եւ Մամուլի պատասխանատու Շարպէլ Պաստուրի խօսք առաւ՝ ընդգծելով հանդիպման նպատակն ու նշանակութիւնը։

Պատրիարք Մինասեան. «շնորհակալութիւն՝ ձեր կատարած ծառայութեան համար»

Պատրիարք Մինասեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ այս հանդիպումը պարզապէս օրացոյցի մը վրայ նոր ձեռնարկ մը աւելցնելու նպատակ չունի, այլ կոչուած է պատուելու լրագրութեան եւ լրատուութեան առաքելութիւնը։

Ան շեշտեց, որ ինչպէս քահանայական իսկական կեանքը փառք կամ դիրք չի հետապնդեր, այլ Քրիստոսի հետեւելով՝ մարդուն կը փոխանցէ Աւետիսը, նոյնպէս լրատուամիջոցը, երբ կը բարձրանայ իր կոչումին մակարդակին, կը դառնայ առաքելութիւն՝ ճշմարտութեան որոնում, մարդուն արժանապատուութեան պաշտպանութիւն եւ հասարակութեան ու հայրենիքին ծառայութիւն։

«Ուստի, այս գիշեր պարզութեամբ եւ սիրով կ՚ուզենք ըսել ձեզի՝ շնորհակալութիւն», ըսաւ ան։

Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր լրագրողներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին հետեւած են Պատրիարքարանի եւ Եկեղեցւոյ գործունէութեան, լուսաբանած են ձեռնարկները եւ իրենց հարթակները տրամադրած են եկեղեցական կեանքի մասին տեղեկութիւններ տարածելու համար։

Ան մասնաւորապէս գնահատեց լրագրողներուն բացառիկ հետեւումը Հռոմի մէջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութեան՝ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման։

Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ լրագրողները Մալոյեանի վկայութիւնը հասցուցին լիբանանցիներու տուներն ու ամբողջ աշխարհ, եւ անոր անունը միայն պատմական յիշատակ մը չմնաց, այլ դարձաւ կենդանի վկայութիւն մը, որ հաւատքը աւելի զօրաւոր է քան վախը։

Ան նաեւ յայտնեց, թէ յառաջիկային եկեղեցական նոր ուրախալի լուրի մը եւ նոր սուրբի մը մասին պիտի հանդիպին լրագրողներուն։

Հին տպարանը՝ այսօրուան մամուլի հանդիպման վկայ

Պատրիարք Մինասեան յատուկ անդրադարձաւ նաեւ այն վայրին պատմութեան, ուր տեղի կ՚ունենար ձեռնարկը։

Ան յիշեցուց, որ հոն ժամանակին կը գտնուէր Պատրիարքարանի տպարանը, ուրկէ կը հրատարակուէր պատրիարքական մամուլը եւ ընթերցողներուն կը փոխանցուէր եկեղեցւոյ պատգամը։

Այս պատմութեան մէջ ան առանձնայատուկ տեղ տուաւ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանին, որ մեծ կարեւորութիւն տուած էր մամուլին եւ գրուած խօսքին՝ հաւատալով, որ եկեղեցական պատգամը պէտք է հասնի մարդուն։

Ան ընդգծեց խորհրդանշական զուգադիպութիւնը.

«Երէկ հոս տպարանն էր, իսկ այսօր հոս նստած են մամուլի մարդիկը»։

 Արհեստագիտութիւնը փոխուած է, տպագրական մեքենաները փոխարինուած են նոր միջոցներով, իսկ տեղեկութիւնը վայրկեաններու ընթացքին կը հասնի աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը։ Սակայն, ըստ Պատրիարքին, խօսքին պատասխանատուութիւնը չէ փոխուած։

Աղաճանեանի աճիւններուն վերջերս Լիբանան վերադարձը ան ներկայացուց իբրեւ ոչ միայն մեծ եկեղեցականի վերադարձը սիրած հայրենիք, այլեւ՝ յիշողութեան, ժառանգութեան եւ պատգամի վերադարձ։

«Թոյլ մի՛ տաք, որ ճշմարտութիւնը լիբանանի մէջ որբ դառնայ»

Պատրիարք Մինասեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին՝ ընդգծելով, որ երկիրը կը գտնուի զգայուն եւ վճռորոշ հանգրուանի մը մէջ։

Ան նկատել տուաւ, որ ճգնաժամերու ժամանակ մը երկիրը կրնայ վտանգուիլ ոչ միայն քաղաքական տարակարծութիւններէ, այլ՝ ճշմարտութեան կորստեան պատճառով։

«Կ՚ուզենք ազատ մամուլ, որովհետեւ ազատութիւնը Լիբանանի ինքնութեան մէկ մասն է։ Բայց կ՚ուզենք նաեւ պատասխանատու ազատութիւն», ըսաւ ան։

Պատրիարքը կոչ ուղղեց ունենալու մամուլ մը, որ հարցաքննէ, քննադատէ, վերահսկէ եւ հաշուետուութիւն պահանջէ, սակայն առանց ճշմարտութիւնը զոհելու, առանց լրագրողական նախադասութիւնը դատավճիռի վերածելու եւ առանց տարակարծութիւնը թշնամանքի վերածելու։

Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ նախագահ Ժոզէֆ Աունի առաջնորդութեամբ պետական հաստատութիւններու նկատմամբ վստահութիւնը պիտի վերականգնուի, իսկ օրէնքի, արդարութեան եւ քաղաքացիութեան սկզբունքները պիտի ամրապնդուին։

«Մենք Լիբանանի պետութեան կողքին ենք», ընդգծեց Պատրիարքը՝ յստակեցնելով, որ կ՚ուզեն պետութիւն մը, ուր ոչ ոք օրէնքէն վեր ըլլայ, իսկ ոչ մէկ քաղաքացի՝ իրաւունքներէն վար։

Ան շեշտեց նաեւ բանակի, ապահովութեան ուժերու եւ դատական համակարգի դերը՝ որպէս պետութեան հիմքերը։

«Հայ կաթողիկէները լիբանանի մէջ հիւրեր չեն»

Պատրիարք Մինասեան յայտարարեց, որ հայ կաթողիկէները երբեք Լիբանանի մէջ հիւրեր չեն եղած եւ պիտի չըլլան։

«Մենք Լիբանանի հիւրերը չենք, այլ անոր հիւսուածքին մէկ հարազատ մասը», ըսաւ ան՝ ընդգծելով հայ համայնքի ներդրումը երկրի մշակոյթին, տնտեսութեան, հաստատութիւններուն եւ հանրային կեանքին մէջ։

«Լիբանանը մեզի համար բնակութեան վայր մը չէ միայն, այլ պատկանելիութեան հայրենիք, առաքելութիւն եւ ճակատագիր է»։

Առաջին Տիկին Նահմաթ Աունին ուղղուած խօսքին մէջ Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր ներկայութեան համար եւ խնդրեց Հանրապետութեան նախագահին փոխանցել իր սէրն ու գնահատանքը։

Ան շեշտեց, որ պետութեան յաջողութիւնը մէկ անձի, մէկ վարչակարգի կամ մէկ քաղաքական խումբի յաջողութիւնը չէ, այլ՝ ամբողջ Լիբանանի յաջողութիւնն է։

Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մըրքոսին ուղղուած իր խօսքին մէջ ալ Պատրիարքը գնահատեց պետական լրատուամիջոցները աշխուժացնելու ջանքերը եւ յոյս յայտնեց, որ նոր Մամուլի Օրէնքի ընդունումը պիտի նպաստէ լրատուութեան ազատութեան ամրապնդման, լրագրողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մասնագիտութեան արժանապատուութեան պահպանման։

 Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ մըրքս. «արհեստագիտութիւնը կրնայ օգնել մարդուն, բայց չի կրնար փոխարինել անոր խիղճը»

Իր կարգին խօսք առնելով՝ Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մըրքոս շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Մինասեանին՝ լրագրութեան եւ մամուլի պատուին նուիրուած այս նախաձեռնութեան համար։

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ լրագրութիւնը երբեք պարզապէս լուրեր փոխանցելու արհեստ մը չէ եղած, այլ՝ երկրի պատմութեան, յիշողութեան եւ ազգային կեանքի կարեւոր մէկ մասը։

Նախարարը շեշտեց, որ բազմազանութեան վրայ հիմնուած Լիբանանը այսօր աւելի քան երբեք պէտք ունի այնպիսի մամուլի մը, որ կը պաշտպանէ այդ բազմազանութիւնը եւ զայն չի վերածեր «բաժանումի միջոց»ի։

Ան լրագրութիւնը նկատեց պետութեան կառուցման հիմնական գործընկեր մը՝ հանրային իշխանութիւնը վերահսկող, հարցերը քննարկման դնող եւ հասարակական բանավէճի տարածք ստեղծող ուժ։

Մըրքոս յատուկէն անդրադարձաւ նաեւ արհեստական բանականութեան արագ զարգացումին, որ կը փոխէ լուրի արտադրութեան, տարածման եւ սպառման եղանակները։

Ան զգուշացուց, որ նոր արհեստագիտութիւնը մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ, սակայն միաժամանակ կը յառաջացնէ ճշմարտութեան, հաւաստիութեան, մարդու իրաւունքներու եւ մտաւոր սեփականութեան վերաբերող նոր հարցեր։

«Արհեստական բանականութիւնը կրնայ գրութիւն մը արտադրել, բայց պատասխանատուութիւն չի ստեղծեր։ Կրնայ պատկեր մը ստեղծել, բայց խիղճ չունի։ Կրնայ արագացնել տեղեկութեան տարածումը, բայց ինքնուրոյն չի գիտեր, թէ ուր կը վերջանայ ճշմարտութիւնը եւ ուր կը սկսի սուտը», ըսաւ նախարարը։

Ան ընդգծեց, որ ապագայի լրագրութիւնը մարդուն եւ մեքենային միջեւ մրցակցութիւն մը պիտի չըլլայ, այլ՝ մարդուն կարողութիւնը՝ մեքենան օգտագործելու առանց իր բանականութիւնը, ազատութիւնը, քննադատական մտածողութիւնը եւ մասնագիտական բարոյականութիւնը զոհելու։

«Լրագրութեան պատիւը՝ խօսքին պատիւն է»

Նախարարը եզրափակեց՝ ընդգծելով, որ մամուլի պատուումը, ըստ էութեան, խօսքի պատուումն է։

«Խօսքը պատասխանատուութիւն է», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ Լիբանանի նման պատերազմի, բաժանումներու եւ ճգնաժամերու միջով անցած երկրի մը մէջ խօսքը կրնայ դառնալ խաղաղեցման միջոց կամ լարուածութեան պատճառ։

Ան կոչ ուղղեց լրագրողներուն՝ հարցնելու, քննադատելու եւ հաշուետուութիւն պահանջելու, բայց միշտ յարգելով ճշմարտութիւնը, մարդը եւ հանրային շահը։

«Պէտք է պահպանենք հանդիպման տարածքը, տարակարծիք ըլլանք առանց թշնամանալու, քննադատենք առանց ատելու եւ տարբեր կարծիքներ ունենանք՝ առանց հայրենիքի շուրջ տարակարծելու», ըսաւ ան։

Երեկոյթի աւարտին Պատրիարք Մինասեան լրագրողներուն յանձնեց Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի մետալը՝ ի նշան գնահատանքի եւ երախտագիտութեան։

Այսպիսով, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը իր պատմական տպարանին երբեմնի վայրին մէջ մէկտեղեց անցեալի ժառանգութիւնն ու այսօրուան լրատուամիջոցները՝ մէկ պատգամով. Արհեստագիտութիւնը կրնայ փոխուիլ, միջոցները կրնան փոխուիլ, բայց ճշմարտութեան հանդէպ խօսքին պատասխանատուութիւնը պէտք չէ փոխուի։