image

Ուքրանիան խաղաղութեան ծրագիր պիտի ներկայացնէ

Ուքրանիան խաղաղութեան ծրագիր պիտի ներկայացնէ

Ուքրանիան կը պատրաստէ պատերազմը դադրեցնելու ծրագիր եւ այն պիտի առաջարկէ խաղաղութեան երկրորդ գագաթնաժողովին, որուն պէտք է մասնակցին Ռուսիոյ ներկայացուցիչները։

Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի NBC News-ին տուած հարցազրոյցին։

«Մենք կը հասկնանք, որ առանց ռուսական կողմի շատ դժուար է դիւանագիտական ճանապարհով աւարտել այս պատերազմը։

Եւ բոլոր երկիրները մեզմէ խնդրած են, որ երկրորդ գագաթնաժողովին ներկայ ըլլան Ռուսիոյ Դաշնութեան ներկայացուցիչները։

Ըսինք, որ դէմ չենք, եկէք ծրագիր պատրաստենք, զանգենք իրենց»,-ըսած է ան: