Մենք ամէնօրեայ աշխատանք կը տանինք, տարած ենք եւ պիտի տանինք «Խաղաղութեան համաձայնագիրը» օր առաջ ստորագրելու եւ վաւերացնելու ուղղութեամբ: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Առաջիկայ ընտրութիւններում քաղաքացիները պէտք է ընտրութիւն կատարեն խաղաղութեան եւ ոչ խաղաղութեան միջեւ: Ես չեմ ուզում ասել խաղաղութեան եւ պատերազմի: Ես աւելի մեղմ կ՚ասեմ՝ խաղաղութեան եւ ոչ խաղաղութեան միջեւ:
Սա է պատճառը նաեւ, որ ես իմ երկուշաբթի օրուայ ուղերձում յստակ արձանագրեցի, որ այս խաղաղութիւնը հաստատուած ամէնօրեայ խնամքի կարիք ունի»,-նշած է Փաշինեանն ու աւելցուցած, որ ամէնօրեայ խնամքը գործ մըն է, որ պէտք է բոլորով ընենք՝ իւրաքանչիւրս մեր տեղը, այդ շարքին նաեւ քաղաքացիները՝ քաղաքական իրենց դիրքորոշումներուն մէջ կողմնորոշուելու ժամանակ։