image

Որոնողական աշխատանքները երէկ ապարդիւն անցած են. Այսօր պիտի շարունակուին

Որոնողական աշխատանքները երէկ ապարդիւն անցած են. Այսօր պիտի շարունակուին

 

11 Փետրուարին իրականացուած որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով փրկարար ջոկատները որեւէ աճիւն չեն յայտնաբերած։ Այս մասին յայտնած է Արցախի ԱԻՊԾ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը։

«Որոնողական աշխատանքներն այսօր կը շարունակուեն Իշխանաձորի եւ Լաչինի տարածքում»,–ըսած է ան։

Նշենք, որ 13 նոյեմբերէն մինչ օրս որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ Արցախի մէջ եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ յայտնաբերուած է 1371 աճիւն։ Գտնուած է 9 ողջ մարդ, 7-ը` զինծառայող, 2-ը` քաղաքացիական անձ՝ հայր եւ որդի Հադրութէն։