Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոր միջուկային ռէաքթորի կառուցման հարցով պիտի շարունակէ աշխատիլ միջուկային արհեստագիտութիւններուն տիրապետող տարբեր երկիրներու հետ:
Այս մասին Կառավարութեան նիստէն ետք տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Մենք այս պահին աշխատում ենք բոլոր գործընկերների՝ Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների, Ռուսաստանի, Հարաւային Քորէայի, Չինաստանի հետ, եւ անհրաժեշտ որոշումները կը կայացուեն բոլոր հնարաւոր հարցերին հնարաւոր վստահելի պատասխաններ ստանալուց յետոյ»,-ըսած է Փաշինեանը:
Փաշինեանը յիշեցուցած է, որ 2025 թուականի օգոստոս 8-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրած են երեք մտադրութիւններու յուշագիր, որոնցմէ մէկը վերաբերած է ուժանիւթային ոլորտին, որ կը ներառէ նաեւ միջուկային ուժանիւթը: