image
Հրատապ լուրեր:

Ոգին Վարդանի

Ոգին Վարդանի

Աւարայրի դաշտին վերեւ մութ էր երկինք, աստղերը՝ սեւ,

Ու Տղմուտի ջուրերուն հետ՝ հայու արցունքը կը հոսէր,

Լուսինն էր խորթ, հանդերձն արիւն, մթութեան դէմ կը պայքարէր,

Ու նոր աշխարհի՝ չորսհարիւր յիսուն եւ մէկ տարեդարձն էր։

 

Եւ այդ գիշեր, Վարդանը քաջ, դիմեց երկինք, աչքերը թաց,

Տեսաւ խաչը առջեւն ցըցւած եւ երկինքը շառագունած,

Բացաւ սիրտը՝ Քըրիստոսին, ուր զօրութիւնն իր ստացած,

Նիզակակիր հայ բանակին գոռաց՝ հոգւով արիւնախանձ.-

 

Մահը մարդու՝ լոկ մարմնային երկի՛ւղ մըն է զգացական,

Իսկ հաւատքը՝ սուրբ երկնային անմահութի՜ւն է հոգեկան,

Ինչո՞ւ մեռնինք մենք անանուն, թող որ մեռնինք խաչի՛ն յանուն,

Որ ըստանանք նոր պարգեւներ, երկնի՛ արքայէն մնայուն։

 

Թող բարձրանա՛յ լոյսը խաչին, ճշմարտութիւնը Յիսուսին,

Եւ ընկճըւի օձ սատանան ու խայթէ սիրտը պարսիկին,

Թափենք արիւն, յանուն ազգի սուրբ հաատքի անշա՛րժ վէմին,

 

Որ պարզըւի բոլոր մարդկանց, ճակատագի՛րը սուրբ խաչին։

Առաւօտեան, հետն իր խումբին, մէկ ձեռքը սուր, միւս ձեռքը՝ խաչ,

Յարձակեցաւ թշնամիին, փռեց գետին, իր ձախն ու աջ,

Բայց նիզակով դաժան զօրքին, Վասակ Սիւնիի դաւաճան,

Ան արձակեց իր վեհ հոգին, զայն յանձնելով անմահութեան։

 

Հաւատքովըն իր հմայիչ, տիեզերքի ողջ պատմութեան՝

Յաւերժօրէն պիտի կոչուի, Քա՛ջըն Վարդան Մամիկոնեան։

 

Կայլակ

«Սէր ու կրակ» գիրքէն

(Հոկտ. 13, 2012)

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...