image

Մահացու վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ զինծառայող Գրանիկ Վարդանի Խնկոյեանը

Մահացու վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ զինծառայող Գրանիկ Վարդանի Խնկոյեանը

Օգոստոս 11-ին դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ հրազէնային մահացու վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Գրանիկ Վարդանի Խնկոյեանը, յայտնած է ՀՀ ՊՆ Մամուլի ծառայութիւնը:

Դէպքի հանգամանքներն ամբողջովին պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն:

.Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վշտակցի եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն», -նշուած է ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ օգոստոս 11–ի առաւօտեան ՊՆ–ն տեղեկացուցած էր, որ օգոստոս 10-ին չպարզուած հանգամանքներու մէջ հրազէնային վիրաւորումէ մահացած է զինծառայող Ժորա Կարապետեանը։

Աւելի ուշ քննչական կոմիտէն յայտնեց, որ զինծառայողին ինքնասպանութեան հասցնելու կասկածանքով ձերբակալուած են ծառայակիցները: