image

Ոչ եւս է «Ռոք էնտ ռոլ»ի թագուհի»ն՝ Թինա Թրնըրը

Ոչ եւս է «Ռոք էնտ ռոլ»ի  թագուհի»ն՝ Թինա Թրնըրը

Մահացած է առասպել երգչուհի Թինա Թըրնըր. 1980-ականներուն փոփ-ի հսկան դարձած Ռոք էնտ ռոլի աստղը մահացած է 83 տարեկանին՝ երկարատեւ հիւանդութենէ յետոյ։

Վերջին տարիներուն ան առողջական խնդիրներ ունէր․ 2016-ին ախտորոշուած էր աղիների քաղցկեղով, իսկ 2017-ին անոր երիկամի փոխպատուաստում ըրած էին ։

Թըրնըր ուժեղացուցած է սեւամորթ կանանց դերը Ռոք էնտ ռոլին մէջ սահմանելով երաժշտութեան այդ դարաշրջանն այն աստիճանի, որ Միք Ճակըր խոստովանած է, որ իր բեմական կերպարի ստեղծման հարցով ոգեշնչուած է երգչուհիի եռանդուն կենդանի կատարումներէն։

Երկու տասնամեակ իր ամուսնոյն՝ Այք Թըրնըրի հետ աշխատելէն յետոյ, ան ընտրած է մենակատար դառնալ եւ միայնակ շարունակել եւ քանի մը անկումային մեկնարկէ յետոյ դարձած 1980-ականներու փոփ խորհրդանիշներէն մէկը՝ իր Private Dancer ալպոմով։ Անոր կեանքը նկարագրուած է երեք յուշերով՝ կենսագրական, երաժշտական, եւ 2021 թուականին՝ Թինա վաւերագրական շարժապատկերներուն մէջ։

«Թինա Թըրնըր՝ «Ռոք էնտ ռոլի թագուհին», այսօր 83 տարեկանին խաղաղութեամբ կեանքէն հեռացաւ  Զուիցերիոյ Զիւրիխի մերձակայքը գտնուող իր տան մէջ՝ երկարատեւ հիւանդութենէ յետոյ։ Անոր հետ աշխարհը կորսնցուց երաժշտական առասպելն ու օրինակը»,- ըսուած է աստղի խօսնակի յայտարարութեան մէջ: