Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է բնիկ Հալէպահայ գրագիտուհի, հասարակական գործիչ Լիւսի Սուլահեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս նահանգը հաստատուած Սուլահեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւնը եւ անոր անունը կը կապուի Հալէպի հայկական համայնքի փայլուն օրերուն։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Սուլահեանի հակիրճ կենսագրութիւնը, այս տխուր առթիւ մեր ցաւակցութիւնները յղելով անոր հարազատներուն եւ մասնաւորապէս անոր երկու որդիներուն՝ Տօքթ. Ռոպէր Սուլահեանին եւ երաժիշտ ՝ Ճոնի Սուլահեանին
Կենսագրական տուեալներ ՝ Լիւսի Սուլահեանի
Լիւսի Յակոբջան Սուլահեան- գրող, հասարակական- մշակութային գործիչ:
Ծնած է Հալէպ, 1940-ին:
Նախնական կրթութիւնն ստացած է Հալէպի ֆրանսական քոլեճին մէջ, 1958 թուականէն ուսանած է Կոստանդնուպոլսոյ համալսարանի Փիլիսոփայութեան բաժնէն ներս։ Տպագրուած է 1960 թուականէն՝ «Շիրակ», «Զարթօնք» եւ այլ պարբերականներու մէջ։
«Թափառող հոգիներ» (1970, պատմուածքներու ժողովածու) գիրքին մէջ պատկերած է սփիւռքահայերու կեանքը։ Երեւանի մէջ 1984 թուականին լոյս տեսած է անոր «Անաւարտ սիրանուագ» պատմուածքներու ժողովածուն։
Աշխատակցած է հայրենի եւ սփիւռքահայ մամուլին: Իր գործերէն ոմանք թարգմանուած են՝ արաբերէն, ռուսերէն, յունարէն, գերմաներէն լեզուներու :
Լիւսի Սիւլահեան Սուրիոյ մէջ ռահվիրայ հանդիսացած է հայ-արաբ գրականութեան փոխադարձ ճանաչման շարժումին: Հալէպի արաբական պետական մշակոյթի կեդրոնէն ներս, արաբ գրողներու միութեան գործակցութեամբ, ներկայացուցած է դասական եւ ժամանակակից հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողներ:
Արաբ պետական երաժշտանոցի գործակցութեամբ կազմակերպած է երաժշտական երեկոներ նուիրուած հայրենի երաժիշտներու: Սիւլահեանի նախաձեռնութեամբ 1971 թուականէն գործած է «Պարոյր Սեւակ» գրական սալոնը, որ եղած է ժամադրավայրը հայ արաբ եւ օտարազգի գրողներու:
Լիւսի Սիւլահեանի առաջադրութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած է Հայ արաբ թարգմանչական կառոյցը: Ան զբաղուած է դասական եւ ժամանակակից հայ գրողներու (Դանիէլ Վարուժան, Գրիգոր Զօհրապ, Եղիշէ Չարենց, Աւետիք Իսահակեան, Վահան Թէքէեան, Գէորգ Էմին, Պերճ Զէյթունցեան, Վարդգէս Պետրոսեան) ստեղծագործութիւններու արաբական թարգմանութիւնը կազմակերպելու եւ հրատարակելու գործով։
Սուրիական հայրենիքը եւ մայր հայրենիքը բարձր գնահատած են Սիւլահեանի հայ արաբ մշակոյթի փոխ յարաբերութեան լայնածաւալ գործունէութիւնը: Անոր հետեւողական հետապնդումներով Սուրիական մշակոյթի նախարարութեան կողմէ հրատարակուած են գիրքեր, հայերէնէ արաբերէն, թարգմանութեամբ՝ Նիզար Խալիլիի, Տօքթ. Շաուքաթ Եուսէֆի ( Աւետիք Իսահակեան, Սերո Խանզադեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Լիւսի Սիւլահեան, Գուտսի Միքայէլեան, հայկական հէքիաթներ եւ այլք):
Լիւսի Սիւլահեան արժանացած է պատիւներու՝ Սուրիացի գրողներու միութեան եւ պետ. մշակ. Կեդրոնէն, Մոնրէալի համալսարանէն, Ֆիլատելֆիայի Թէքէեան մշակ. Միութենէն, Լոս Անճելիսի Հ. Բ . Ը. Մ. «նոր կեանք»էն, պարգեւատրուած է Հայաստանի գրողներու միութենէն՝ «Գրական վաստակ»ի մետալով:
Իր մահկանացուն կնքեց 13 Օգոստոս, 2021-ին, Լոս Անճելոսի մէջ: