Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապաս Արաքչին յայտարարած է, որ Օմանին մէջ 6 փետրուարին ամերիկեան կողմին հետ տեղի ունեցած անուղղակի բանակցութիւնները կեդրոնացած են միայն միջուկային նիւթին շուրջ, իսկ այլ հարցեր չեն քննարկուած։
Արաքչիի համաձայն՝ ուրանի հարստացումը քննարկումներու շրջագիծէն դուրս է։ Իրանը պատրաստ է համաձայնագիր կնքելու, որ ուրանի հարստացումը ըլլայ բացառապէս խաղաղ նպատակներով։ Ինչ կը վերաբերի Իրանի հրթիռային ծրագրին, Արաքչիի խօսքով՝ անիկա ունի միայն պաշտպանական բնոյթ։
Բանակցութիւններու յաջորդ փուլի յստակ օր չէ սահմանուած, սակայն այն պիտի կայանայ շատ շուտով։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ Օմանին մէջ ամերիկեան կողմին ըսուած է, որ գոյութիւն ունի երկու տարբերակ՝ պատերազմ եւ դիւանագիտութիւն․ Թեհրանը պիտի ընտրէ դիւանագիտութիւնը, բայց պատրաստ է նաեւ պատերազմի։
«Եթէ ԱՄՆ-ը մեր դէմ յարձակում սկսի, մենք հնարաւորութիւն չունինք հարուած հասցնելու անոր տարածքին, հետեւաբար պիտի հարուածենք շրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանները»,– ըսած է Արաքչին։
Անոր խօսքով՝ ասիկա ամբողջ շրջանը պիտի ներքաշէ պատերազմի մէջ։ Դիւանագէտը շեշտած է, թէ Իրանի հարուածները ուղղուած պիտի ըլլան ոչ թէ հարեւան երկիրներուն, այլ ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ։