image

Ո՞վ պիտի յաղթէ Թուրքիոյ յառաջիկայ ընտրութիւններուն

Ո՞վ պիտի յաղթէ Թուրքիոյ յառաջիկայ ընտրութիւններուն

Երկարատեւ ժողովներէ եւ աշխատանքներէ ետք, թրքական ընդդիմադիր կուսակցութիւնները (թիւով վեց՝ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի գլխաւորած Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, Մերալ Աքշնարի 2017ին հիմնած «Լաւ» կուսակցութիւնը, նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի 2019ին հիմնած «Ապագայ» կուսակցութիւնը, Ալի Պապաճանի 2020ին հիմնած Ժողովրդավարութիւն եւ վերածնունդ կուսակցութիւնը, Թեմէլ Քարամլլաօղլուի «Երջանկութիւն» եւ Կիւլթեքին Ույսալի Ժողովրդավարական կուսակցութիւնները) յաջողեցան Քեմալ Քըլըճտարօղլուն ընտրել իրենց թեկնածուն Մայիս 2023ին նախատեսուած ընտրութիւններուն՝ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ:

Քեմալ Քըլըճտարօղլուի գլխաւորած աշխարհիկ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը ամէնէն մեծն է եւ ամէնէն հինը. Քեմալ Աթաթուրք զայն հիմնած էր 1923ին:

Ներկայիս, Քըլըճտարօղլու կը վայելէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն աջակցութիւնը, որովհետեւ անոր ծրագիրները կը բխին անոնց շահերէն. Քըլըճտարօղլուի յաղթանակի առիթը այս ընտրութիւններուն նոյնքան մեծ է, որքան Էրտողանինը, նոյնիսկ՝ աւելի։ Ըստ Aksoy Research-ի կողմէ 8 Մարտ 2023ին հրապարակուած հարցախոյզի մը արդիւնքներուն, Քըլըճտարօղլուն, իր 55.6 տոկոսով, առաջատար է Էրտողանէն, որ շահած է 44.4 տոկոս: Իսկ Alf Research-ը ցոյց կու տայ ձայներու 55.1 տոկոս Քըլըճտարօղլուին եւ 44.9 տոկոս Էրտողանին։ Ուրիշ հետազօտական կեդրոն մը՝ Piar Research, մօտաւորապէս նոյն արդիւնքը ցոյց կու տայ: Ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կը ներկայացնէ ձայներու 10-11 տոկոս, նոյնպէս դէմ ըլլալով Էրտողանին։ Քըլըճտարօղլուի կուսակցութիւնը համակրելի է հարցախոյզի մասնակցողներուն 31.8 տոկոսին, մինչդեռ Էրտողանինը՝ 31 տոկոսին: Այստեղ նկատի կ՛առնենք, թէ՛ արդիւնքները շատ մօտ են եւ թէ երրորդ կողմն է որ յաղթանակը պիտի որոշէ:

Իսկ գալով խորհրդարանի ընտրութիւններուն, ըստ տուեալներուն՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները պիտի յաղթեն Էրտողանի կուսակցութեան եւ անոր դաշնակից Տեւլեթ Պահչելիի ազգայնամոլ կուսակցութեան՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւններուն օրը, իսկ այդ կը նշանակէ, որ Էրտողան, նոյնիսկ եթէ յաղթէ նախագահական ընտրութիւններուն, պիտի չկարենայ ազատ իշխել: Իսկ եթէ Քըլըճտարօղլու յաղթէ, ապա իր աջակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան մասնակցելու պետութեան ղեկավարութեան գործին, մինչդեռ Էրտողան փակած է այդ դռները անոնց առջեւ:

Թուրքիոյ բոլոր ընտրութիւններուն նման, հոս եւս առկայ է կրօնքի ազդեցութիւնը. Էրտողան մեծապէս կ՛ապաւինի կրօնքին, սակայն այս կէտը անտեսուած չէ նաեւ ընդդիմութեան կողմէ, որ իր թեկնածուին ընտրութիւնը յայտարարեց իսլամական «Երջանկութիւն» կուսակցութեան կեդրոնէն, ցոյց տալու համար թէ՛ աշխարհիկ եւ թէ կրօնական շրջանակներու կողմէ անոր վայելած աջակցութիւնը։ Ընդդիմադիր դաշինքի ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի նաեւ Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը, սղաճը, լիրայի արժէքի անկումը, որ հասած է շուրջ 19 լիրայի՝ մէկ ամերիկեան տոլարի դիմաց:

Կը մնայ Սուրիոյ հետ Էրտողանի ունեցած խնդիրը… հարց մը, զոր Էրտողան կ՛ուզէ շուտով լուծել, նախքան ընտրութիւնները, իսկ քիւրտերուն խռովութիւնները Էրտողանի անլուծելի մղձաւանջն է:

Քըլըճտարօղլուն առաջադրուեցաւ «Լաւ» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեների հակազդեցութենէն ետք, երբ ան Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի եւ Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշի յորդորեց Քըլըճտարօղլուին հետ մրցիլ. վերջինները Քըլըճտարօղլուի կուսակցութեան անդամներ են, սակայն երբ Իմամօղլու եւ Եաւաշ չստացան իրենց կուսակցութեան աջակցութիւնը, փոխզիջում տեղի ունեցաւ այն յոյսով, որ անոնք երկուքն ալ փոխնախագահներ նշանակուին, եթէ Քըլըճտարօղլուն նախագահ ընտրուի:

Իմամօղլու եւ Եաւաշ կրցան պարտութեան մատնել Էրտողանի կուսակցութեան թեկնածուները 2019ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն, երբ Իմամօղլու յաղթեց Օսմանեան կայսրութեան պատմական մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ, իսկ Եաւաշ՝ ներկայի մայրաքաղաք Անգարայի մէջ: Ինչ կը վերաբերի 74ամեայ Քըլըճտարօղլուին, ապա ան փորձառու՝ վեթերան քաղաքական գործիչ է, սակայն շատեր զայն հրապուրիչ անձ չեն համարեր, ի տարբերութիւն Էքրեմ Իմամօղլուի, որուն Պոլսոյ յաղթանակը միջազգային մամլոյ ուշադրութիւնը գրաւեց։ Սակայն պէտք է նշել, որ Քըլըճտարօղլուի քաղաքական անցեալը ամրապնդեց իր դիրքերը թեկնածութեան առաջադրման համար:

Կը մնայ քրտամէտ կուսակցութեան դերը… Եթէ վերջինս ձեռնպահ մնայ սեփական թեկնածու առաջադրելէ, ապա վստահօրէն Քըլըճտարօղլուին պիտի աջակցի, ուստի շատ հաւանական կ՛ըլլայ, որ Քըլըճտարօղլուն յաղթէ առաջին փուլէն, որ կը պահանջէ ստանալ 50 տոկոսէն աւելի ձայներ։ Յիշենք, որ քրտամէտ կուսակցութեան աջակցութիւնը մեծ դեր ունեցաւ Քըլըճտարօղլուի կուսակցութեան՝ Պոլսոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն յաղթանակին մէջ:

Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու պատասխանատուները, բնականաբար, բանակցութիւններ պիտի վարեն քրտամէտ կուսակցութեան հետ, անոր համոզելու, որ իրենց միանայ: Չմոռնանք, որ քիւրտերը եւս իրենց պահանջները ունին:

Էրտողան այս կամ այն կերպով պիտի փորձէ յաղթել․ ան կը խոստանայ վերջին երկրաշարժին պատճառած աւերը վերացնել մէկ տարուան ընթացքին եւ կ՛ուզէ բոլորը համոզել, թէ ինք միակ անձն է, որ պիտի կարենայ երկիրը փրկել: Իր կուսակցութեան անդամները եւ աջակիցները պատրաստ են ամէն ինչ ընելու անոր յաղթանակին համար: Արդէն իսկ պետական պաշտօնեաներէն շատերը այդ գործին վրայ են, սակայն կը թուի, թէ արդիւնքներու կեղծումը այս անգամ դժուար պիտի ըլլայ Էրտողանի համար, որովհետեւ ընդդիմադիրները կը դժուարացնեն իշխանութեան միջամտութիւնը ընտրութիւններուն: Էրտողան, իր կարգին, կրնայ փորձել յետաձգել 14 Մայիս 2023ին ծրագրուած ընտրութիւնները, եթէ զգայ, որ ինք պիտի պարտուի․ իսկ եթէ ընտրութիւնները տեղի ունենան եւ ինք իսկապէս պարտուի, ապա ան կրնայ արդիւնքները չեղեալ համարել, ինչպէս ըրաւ 2019ին, Պոլսոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն առթիւ:

Կը մնայ մեծ պետութիւններուն ազդեցութիւնը եւ անոնց կողմնորոշումը… Ռուսիոյ համար Էրտողանը մտերիմ եւ հաճելի բարեկամ է, իսկ ՆԱԹՕի երկիրներուն համար՝ Տրոյեան (Trojan):

Վերջապէս, Էրտողան դիւրութեամբ պարտութիւն ընդունող անձ մը չէ, եւ այդ մէկը կրնայ ներքին խռովութիւններու ծայր տալ, եթէ իսկապէս ընտրութիւնները տեղի ունենան եւ ինք պարտուի:

 

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Լոս Անճելըս