«Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան նախընտրական ցուցակի առաջին համար Արման Թաթոեանը վստահ է, որ իրենք 2026-ի ընտրութիւններուն պիտի յաղթահարեն անցողիկ շեմը։
Այս մասին մայիս 25-ին Երեւանի մէջ՝ Վարդան Մամիկոնեանի արձանի առջեւէն մեկնարկած քարոզարշաւի ընթացքին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին նշած է Արման Թաթոյեանը՝ աւելցնելով, որ իրենց շփումները քաղաքացիներու հետ այդ ամէնու մասին կը խօսին եւ իրենց կը մնայ ընտրութիւններու օրը շահիլ քաղաքացիներու վստահութիւնը։
«Այս ընտրութիւնները մեր պետութեան ճակատագրի մասին են եւ քուէախցիկում ամբողջ իշխանութիւնն այդ պահին քաղաքացու ձեռքում է։ Մենք պէտք է ընտրենք յանուն յոյսի ու հաւատի, մեր երկրի ապագայի, եւ մենք ինքներս որոշենք մեր ճակատագիրը՝ առանց վախերի»,-ըսած է ան։
Անդրադառնալով Ռուսիոյ կողմէ հայկական արտադրութեան որոշ ապրանքներու նկատմամբ սահմանափակումներու կիրառման՝ Թաթոյեանն ըսած է, որ Հայաստանը պէտք չէ կախուած ըլլայ միայն մէկ երկրէ։
«Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները բարդ յարաբերութիւններ են, սակայն մենք իրաւունք չունենք խզելու այդ յարաբերութիւնները, քանի որ հայ եւ ռուս ժողովուրդների միջեւ դարաւոր բարեկամութիւն, մշակութային կապեր կան։ Մենք պէտք է աշխատենք յանուն մեր երկրի շահերի։ Սա է լինելու մեր քաղաքականութիւնը»,-ըսած է Թաթոյեանը։
Ան նշած է, որ բոլոր թեկնածուներու մէջ որեւէ մէկը չունի այն աշխատանքային փորձը, որ ինքն ունի, քանի որ աշխատած է ե՛ւ պետական մարմիններու մէջ, ե՛ւ հասարակական ու միջազգային կառոյցներու մէջ։
«Ես պատկերացնում եմ ինչպէս են պետութիւնները ձախողւում եւ ինչպէս պէտք է դա կանգնեցնել։ Ես մատս ինչին դրել եմ, յաջողել եմ։ Ինձ ոչ մի այլ բան չի հետաքրքրում, քան իմ քաղաքացու ապահովութիւնը, վստահութիւնը, երիտասարդի համար ապահով ապագայ ունենալը»,-վստահեցուցած է Թաթոյեանը։
Ան նշած է, որ իրենք ունին նաեւ յստակ քայլեր ընտրական փուլէն ետք հնարաւոր բոլոր սենարներու համար։
«Ես եղել եմ Հայաստանում մարդու իրաւունքների պաշտպանը, պաշտպանել եմ մեր քաղաքացիների շահերը եւ հիմա յանձնառու եմ լինել Հայաստանի իրաւունքների պաշտպանը։ Հայաստանում չկայ հարց, որը մենք չկարողանանք լուծել»,-աւելցուցած է Արման Թաթոյեանը։