Մասնաւորապէս իսրայէլեան աղբիւրներ Պէյրութի դէմ եղած հարուածէն ժամ ետք լուրեր տարածած են այն մասին, թէ ով էր իսրայէլեան հարուածին իսկական թիրախը։Նոյն առումով եւ ըստ իսրայէլեան բանակի խօսնակին Իսրայէլ թիրախ դարձուցած է «Հըզպալլա»ի ռազմական կարեւորագոյն հրամանատար մը։
Տանիէլ Հակարի (Իսրայէլեան բանակի խօսնակը) աւելի ուշ հանդէս կուգար նոր յայտարարութեամբ մը նշելով, որ Իսրայէլ յաջողութեամբ պսակած է իր գործողութիւնը Պէյրութի մէջ եւ սպաննած է «Հըզպալլա»ի ռազմական կարեւոր պատասխանատուներ։
Նոյն ուղղութեամբ եւ ըստ լիբանանեան լուրեր տարածող ցանցային հարթակներու Իսրայէլի հարուածին հետեւանքով զոհուած է «Հըզպալլա»ի ռազմական կարեւոր պատասխանատու համարուող Իպրահիմ Աքիլը։
Աքիլէն բացի եւ դարձեալ ըստ նախնական տուեալներու նոյն հարուածին հետեւանքով զոհուած են «Հըզպալլա»ի «Ալ Ռատուան» խմբակի 9 այլ անդամներ, որոնց անունները ցարդ չեն յայտարարուած։
Անշուշտ այս տուեալները պէտք է համարել նախնական տուեալներ եւ տեղեկութիւններ եւ նոյն առումով հարկ է սպասել «Հըզպալլա» կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուելիք հաղորդագրութիւնը։
«Հըզպալլա»ի հրամանատարներէն ՝ Իպրահիմ Աքիլի լուսանկարը։