Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ մեկնարկած է ՆԱԹՕ-ի երկօրեայ գագաթնաժողովը, որուն արդէն ժամանած են դաշինքի շարք մը անդամ երկիրներու ղեկավարները։ «Արմէնփրէս»-ն այս մասին կը տեղեկացնէ յղում ընելով BBC-ի հրապարակման։
ՆԱԹՕ-ի անդամ 31 երկիրներու քննարկման հիմնական թեման պիտի ըլլայ Ուքրանիան, որ կ'ուզէ դառնալ դաշինքի անդամ, սակայն չի կրնար, քանի դեռ երկրին մէջ կը շարունակուին Ռուսիոյ ծաւալած ռազմական գործողութիւնները։
Ըստ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկի՝ դաշնակիցները Ուքրանիոյ յստակ, դրական ուղերձ պիտի յղեն՝ կապուած դաշինքին անդամակցութեան հետ։ Ան շեշտած է, որ ինչ-որ պահի Ուքրանիան պիտի դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ։
Իր հերթին գագաթնաժողովէն առաջ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին խնդրած է անվտանգութեան երաշխիքներ ՆԱԹՕ-ի 31 անդամներէն՝ միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ վերջնական նպատակը դաշինքի անդամ դառնալն է։
12 յուլիսին նախատեսուած է ՆԱԹՕ-Ուքրանիա խորհուրդի առաջին նիստը:
Վիլնիուսի գագաթնաժողովէն առաջ նաեւ յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիան պիտի հաստատէ ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութեան յայտը։