15-19 Դեկտեմբեր 2015-ին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ կայացած Մոնթեկրափփա- Էրեբունի Հայկական Գրիչի ցուցահանդէսին առիթով յայտարարուած յատուկ աճուրդի յաղթականներ հանդիսացան լիբանանահայ Վիգէն եւ Ռաֆֆի Թարխանեան եղբայրները, որոնք կրկնապատկեցին աճուրդի դրուած «Էրեբունի – Յաւերժ» արծաթեայ գրիչի մեկնարկային գինը՝ 1500 ամերիկեան տոլար: Թարխանեան եղբայրներու կատարած դրոյքը՝ 3000 ամ. տոլար, ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ կարիքաւոր մանուկներու:
Յաղթականները այս առիթով ստացան նաեւ հանրայայտ մարզիկ Հենրիկ Մխիթարեանի մարզաշապիկն ու գնդակը՝ ստորագրուած անոր կողմէ: Մխիթարեան միացած է «Էրեբունի» Հայկական Գրիչի նախաձեռնող խումբին, նպաստելու համար անոր բարեսիրական ծրագիրներուն:
Գրիչի եւ նուէրներու յանձնման առիթով կայացած հանդիպումին, Դոկտ. Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան Էրեբունի Հայկական Գրիչի նախաձեռնող խումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց աճուրդի բոլոր մասնակիցներուն եւ շնորհաւորեց Վիգէն եւ Ռաֆֆի Թարխանեանները՝ աճուրդը շահելուն առիթով: Պէյրութ հաստատուած ճարտարապետ եղբայրները իրենց հերթին գոհունակութիւն յայտնեցին, որ այս ձեւով իրենց նպաստը կը բերեն նախաձեռնող խումբի բարեսիրական ծրագիրներուն, միաժամանակ զօրակցելով հայկական մշակութային արժէքները լայն հանրութեան ծանօթացնելու անոր ջանքերուն:
«Էրեբունի Գրիչ»ը նախաձեռնութիւնն է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած երկու հայ գործարարներու՝ Գրիգոր Ճապուրեան եւ Տիգրան Չապլաքեան: Անոր ձեւաւորումը գործն է լիբանանահայ արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետ Սագայեանի, իսկ արտադրութիւնը՝ իտալական Մոնթեկրափփա հաստատութեան: Գրիչին կ'ընկերանայ յուշամատեան մը, հեղինակութեամբ դոկտ. Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանի: Գրիչի հաւաքածոն անցած Նոյեմբերին ստացաւ Middle East Jewellery -Year 2015 մրցանակը` «Լաւագոյն Արուեստի եւ Ձեռարուեստի Գործ» դասակարգումին մէջ: