image

Վերյիշելով անզուգական Վեհափառը. Երջանկայիշատակ Զարեհ Կաթողիկոսի այցը ՝Սուրբ Սարգիս եկեղեցի (Տեսանիւթ)

  Վերյիշելով անզուգական Վեհափառը. Երջանկայիշատակ Զարեհ Կաթողիկոսի այցը ՝Սուրբ Սարգիս եկեղեցի (Տեսանիւթ)

 Միութեան մէջ հոգին, հոգիներուն մէջ խաղաղութիւնը ու ամենակարեւորը դէպի երկինք սլացող մեր գմբէթներուն անվտանգ ու ապահով մնալն է, որպէս խորհրդանիշ միութեան, իրական եղբայրութեան եւ միասնականութեան։

 Հայ եկեղեցին միշտ ալ միասնութեան խորհրդանիշ է, միասնականութեան ոգի է, իսկ անոր նուիրեալ կրօնաւորները այդ միասնութեան արտերուն ջուր եւ ոգի ներարկողներն են։

 Շատեր պիտի ըսեն, այս կամ այն կողմէ, որ Զարեհ Ա. Երջանկայիշատակ Վեհափառը եղաւ զոհը այդ միասնականութեան գաղափարին։ Ուրիշեր գուցէ պատմական ինչ-ինչ հանգամանքները տարեընթարցման պիտի ենթարկեն ու հոնկէ ալ քաղեն իրենց համար պիտանին ու պէտքականը։

 Այս բոլորը կրնան ըլլալ, բայց էականը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութիւն է, իր երկու թեւերով ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասով եւ այս հիմքով է նաեւ, որ պատմական ընկալումները ճիշդ ընթերցելով, դարձեալ իրենց վեհութեան ու արժէքին կը բարձրանան մեր մօտեցումները։ 

Շատ բան գրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երջանկայիշատակ Ն.Ս.ՕՏ.Տ. Զարեհ Ա.  Փայասլեան Կաթողիկոսին մասին։ Կաթողիկոս մը, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահը բարձրացաւ ամենադժուարին ժամանակներուն, գործեց անձնուրացօրէն, գործեց բարդ ատենի մը ու վախճանեցաւ տխուր պայմաններու տակ։

Տ. Տ. Զարեհ  Ա. Կաթողիկոսի անունը կը շարժէ հոգիները, փոթորկած էութիւններուն մէջ կը դառնայ հոսանք ու անպայմանօրէն կը բանայ յոյսի նոր ակօսներ։

Անշուշտ լաւ պէտք է սերտել այն հանգամանքները, որ պաշարեցին Սփիւռքը եւ ի մասնաւորի լիբանանահայ հայագաղութը, որուն սիրտը ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն էր իր Անթիլիասի Աթոռով։

 Եւ անշուշտ էականը այս բոլորին առընթեր անցեալէն եկած դասերը վերհանելն է, այդ դասերէն սորվիլը ու մեր հաւաքական վէրքերուն դարմանումը հայցելը։

Միութեան մէջ հոգին, հոգիներուն մէջ խաղաղութիւնը ու ամենակարեւորը դէպի երկինք սլացող մեր գմբէթներուն անվտանգ ու ապահով մնալն է, որպէս խորհրդանիշ միութեան, իրական եղբայրութեան եւ միասնականութեան։

 Հայ եկեղեցին միշտ ալ միասնութեան խորհրդանիշ է, միասնականութեան ոգի է, իսկ անոր նուիրեալ կրօնաւորները այդ միասնութեան արտերուն ջուր եւ ոգի ներարկողներն են։

 Շատեր պիտի ըսեն, այս կամ այն կողմէ, որ Զարեհ Ա. Երջանկայիշատակ Վեհափառը եղաւ զոհը այդ միասնականութեան գաղափարին։ Ուրիշեր գուցէ պատմական ինչ-ինչ հանգամանքները տարեընթարցման պիտի ենթարկեն ու հոնկէ ալ քաղեն իրենց համար պիտանին ու պէտքականը։

 Այս բոլորը կրնան ըլլալ, բայց էականը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութիւն է, իր երկու թեւերով ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասով եւ այս հիմքով է նաեւ, որ պատմական ընկալումները ճիշդ ընթերցելով, դարձեալ իրենց վեհութեան ու արժէքին կը բարձրանան մեր մօտեցումները։ 

 Մենք բոլորս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ որդիներն ենք ու մեզի բոլորիս համար Զարեհ Ա.Վեհափառին աւանդը, անոր նուիրական գործը եւ անցած ճանապարհն ու ապա մարտիրոսանալը միշտ ալ ապահով ափ ու խարիսխ պիտի դառնան մեր ալեկոծող հոգիներուն։

Ի վերջոյ մեր միութիւնը, մեր միասնութիւնը եւ մեր մէկութիւնը անվտանգ պիտի դարձնէ ամեհի ալիքներէն անցած եւ այսօրուան հասած մեր ազգի անվրդով նաւը։

 Ուշագրաւ է նաեւ սեւ-սպիտակով առնուած այս ժապաւէնին մէջ երեւցած այն ոգեւորութիւնը, որ Զարեհ Վեհափառի անձին եւ էութեան հանդէպ մեծագոյն սիրոյ մը ամենամեծ վկայութիւնն է։

 Վկայութիւն մը, որ աւելի է քան ամէն մակարդակի վերլուծումը, խօսքը կամ մտորումը եւ վկայութիւն մը, որ ադամանդեայ կուռութիւն ունի բոլոր դարերուն ու ամբողջ պատմութեան դիմաց։

Մնացեալը ՝  Տեսանիւթով։ 

Նիւթը  «Արեւելք»ի համար  պատրաստեց՝ Տիրան Չ.