image

ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՀՐԱՒԷՐ

 ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ  ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՀՐԱՒԷՐ

Միամիտ չըլլանք կարծելու, թէ հոգեւոր նորոգութիւնը դիւրին ընթացք մըն է։ Այն նախեւառաջ զօրաւոր հաւատք կը պահանջէ։ Բայց եթէ կը վստահինք Քրիստոսի այն խօսքին, թէ՝ հաւատքը լեռներ կը շարժէ (Ղկ․ 17։6), մենք ալ ուրեմն, որպէս ազգ եւ ժողովուրդ, մեկդի դնելով մեր անձնական եւ խմբակային շահերը, տարաձայնութիւնները, հակամարտութեան ոգին, կրնանք հաւատքի զօրութեամբ դառնալ անքակտելի, կուռ միութիւն ի սէր մեր Հայրենիքի, մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան:

 

«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»։ Ղուկաս 2։14

 

Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ` մեզի կը հասնի հրեշտակին աւետիսը երկնաւոր զօրքերու բազմութեան հետ, որ օրհնաբանելով զԱստուած կ՛աղաղակեն «Փա՜ռք Աստուծոյ բարձունքներուն մէջ, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ, եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն»։

Խաղաղութեան Իշխանին ծնունդը կը հրաւիրէ բոլորս, որպէսզի ձայնակից ըլլանք հրեշտակներուն եւ Շնորհալիի սրտաբուխ բառերով աղօթերգենք՝ «Նորոգող հնութեանց, նորոգեա՛ եւ զիս, նորոգ զարդարեա՛»:

Յիսուս Մանուկի մսուրին առջեւ ծնկաչոք խոնարհումով ՝ աղօթքի լռութեան մէջ, ազգովին պայծառակերպենք մեր էութիւնը, եւ հաւատքի քաջութեամբ մէկդի նետենք հին մարդը՝ մեր կեանքին մէջ առատացնելով աստուածային լոյսն ու սէրը: Բեթղեհեմէն կ՛արձագանգէ հրեշտակներուն ձայնը՝ սիրոյ ու ներողամտութեան կոչ ուղղելով մեզի՝ «խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ, եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն»։  Ապրինք այս խորհուրդով եւ միասնաբար հոգեւոր ճարտարապետը դառնանք խաղաղութեան, որուն աղբիւրը Քրիստոսի անսահման սէրն է: Ուրեմն հաղորդակից ըլլանք այս պատգամին եւ փարատենք մեր մէջի խաւարը:

Միամիտ չըլլանք կարծելու, թէ հոգեւոր նորոգութիւնը դիւրին ընթացք մըն է։ Այն նախեւառաջ զօրաւոր հաւատք կը պահանջէ։ Բայց եթէ կը վստահինք Քրիստոսի այն խօսքին, թէ՝ հաւատքը լեռներ կը շարժէ (Ղկ․ 17։6), մենք ալ ուրեմն, որպէս ազգ եւ ժողովուրդ, մեկդի դնելով մեր անձնական եւ խմբակային շահերը, տարաձայնութիւնները, հակամարտութեան ոգին, կրնանք հաւատքի զօրութեամբ դառնալ անքակտելի, կուռ միութիւն ի սէր մեր Հայրենիքի, մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան:

Նոր տարուայ սեմին եւ մեր կեանքի բոլոր օրերուն այս ընթացքը թող իրապէս դառնայ մեր կեանքերը կերպարանափոխող հրաշք ճանապարհ:

Թող Քրիստոսի սէրն ու ներողամտութիւնը իշխէ ամենուրէք եւ Շնորհալի մեծ հայրապետին բառերը դառնան բալասան մեր կարծրացած սրտերուն.

 

«Սէր անուն Յիսուս, 

Սիրով քո ճմլեա

Սիրտ իմ քարեղէն»:

 

 

Օրհնութեամբ՝

 

 

Յովնան Արք. Տէրտէրեան,

Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի