image

Նոր Տարի՝ զերծ անհեթեթութիւններէ եւ ապուշութիւններէ, իսկ ազգիս ու Հայրենիքիս՝ խաղաղութիւն ու նորանոր վերելքներ. Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի գրառումը

 Նոր Տարի՝ զերծ անհեթեթութիւններէ եւ ապուշութիւններէ, իսկ ազգիս ու Հայրենիքիս՝ խաղաղութիւն ու նորանոր վերելքներ. Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի  գրառումը

Հաւանաբար շատերդ հետաքրքրուած ալ չ՚ըլլաք թէ 2026-ի համար «Resolution»ս ի՞նչ պիտի ըլլայ, բայց խորհեցայ թէ որոշումս հոս հանրայնացնելով, զայն անշեղ գործադրելու պարտադրանքը կ՚աւելնայ, եւ ծուլանալու հաւանականութիւնը կը նուազի։

Օքէյ։ Ուրեմն, որոշեցի որ 2026-ի առաջին օրէն սկսեալ անհեթեթութիւններէ հեռու պիտի մնամ։

 

Ամերիկահայ  ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝

 

 

Հասած ենք արդէն Ամանոր, շուտով պիտի թեւակոխենք Նոր Տարի, եւ ուրեմն պահն է մի քանի մաղթանքներու։

Երբ շատ փոքր էի, հազիւ հինգ-վեց տարեկան, կը յիշեմ թէ ինչպէս մայրս զիս տպաւորած էր այն հաւատքով թէ նոր տարուան սեմին, ժամանակն էր որ ԳԼԽԱՒՈՐ որոշում մը կայացնէի, որոշում մը որուն ճամբով եկող տարուան ընթացքին պէտք էր փորձէի կեանքս որեւէ ձեւով մը բարելաւել, կամ որեւէ ուղղութեամբ բարիք մը իրագործել։

Մօրս բացատրութիւնը այն էր թէ տարեսկիզբի տօնական օրերուն, Աստուած «իր ականջները աւելի լայն կը բանայ», եւ աւելի մեծ ուշադրութեամբ կը լսէ փոքրիկներու կատարած աղօթքներն ու խնդրանքները։ Ինծի կը թուէր թէ այս մեծ գաղտնիք մըն էր որ մայրս ինծի, ու միայն ինծի կը փոխանցէր։

Տարիները անցան, եւ այս սովորութիւնը գէշ-աղէկ մնաց գիտակցութեանս մէջ։ Սակայն ԱՄՆ հաստատուելէս ետք հասկցայ, որ ամերիկացիներուն մօտ ալ կայ «New Year’s Resolution” ըսուած բանը, ինչպէս եւ աշխարհի շատ ու շատ անկիւններու մէջ։ Հոս մարդիկ իրենց նոր տարուան առիթով որոշումները գաղտնի չեն պահեր, անպայման Աստուծոյ ալ չեն ուղղեր զանոնք, բայց ձեւ մը գտած են աւելի հաստատակամ ըլլալու իրենց կեանքի մէկ որոշումին հանդէպ, որ շատ յաճախ կայացուելէն քիչ անց ալ արդէն կը մորցուի… մինչեւ յաջորդ Նոր Տարին, երբ նոր որոշում մը կը կայացուի, կամ ալ անցեալ տարուանը աւելի հաստատակամ կերպով կրկին կը կայացուի՝ թերեւս դարձեալ շուտով մորցուելու համար։ Եթէ պարագան այդ չ՚ըլլար, ընկերներէս քանիները պէտք էր որ հիմա աւելի նիհար ըլլային, աւելի հարստանային, եւայլն։

Պէտք է ըսել որ ես վերջին տարիներու «New Year’s Resolution»ներս բաւական յաջողութեամբ գործի դրած եմ։ Երկու տարի առաջ՝ նիհարնալ էր եւ փորձել աւելի առողջ մնալ. միւս տարի՝ ստեղծագործութիւններ հրատարակելն էր, իսկ յաջորդ տարին «առօրեաս թեթեւցնել ու կեանքս պարզացնել», եւ այսպէս... մինչեւ որ հասանք 2026-ի սեմին, երբ արդէն նոր որոշում պէտք է կայացնել։

Հաւանաբար շատերդ հետաքրքրուած ալ չ՚ըլլաք թէ 2026-ի համար «Resolution»ս ի՞նչ պիտի ըլլայ, բայց խորհեցայ թէ որոշումս հոս հանրայնացնելով, զայն անշեղ գործադրելու պարտադրանքը կ՚աւելնայ, եւ ծուլանալու հաւանականութիւնը կը նուազի։

Օքէյ։ Ուրեմն, որոշեցի որ 2026-ի առաջին օրէն սկսեալ անհեթեթութիւններէ հեռու պիտի մնամ։ Անհեթեթ իրավիճակներ, անհեթեթ եւ ապուշութիւն դուրս տուող մարդիկ - որքան ալ որ անոնք «հեղինակաւոր» եւ կարեւոր թիփեր ըլլան - գոց ականջներուս պիտի հանդիպին։ Իրենց պոռոտախօսութեամբ զզուեցնող մարդիկ, իրենց ձանձրացնող ու դատարկ սպառնալիքներով «հերոսներ», ԱՊՈՒՇ վերլուծութիւն բաշխողներ, եւ այսպէս, բոլորն ալ կեանքէս դուրս։

Իրականութեան մէջ, դիւրին պիտի չ՚ըլլայ այս որոշումը գործադրել, եւ մեծ ճիգ պիտի պահանջէ ականջ փակելը մարդոց ապուշութիւններուն եւ շատախօսութիւններուն դիմաց, անհեթեթներ որոնք իրենք կը գրեն ու կը խօսին, եւ իրենք միայն կը հասկնան իրենց դուրս տուածը։

Վստահ եմ ոմանք ալ պիտի գտնուին որ իմ ըսածներս ու գրածներս անհեթեթ համարեն, ինչ որ մարտահրաւէր մը կ՚ըլլայ ինծի համար զուսպ ըլլալու, աւելորդ-պակաս բաներ դուրս չի տալու։ Ահա այս է որոշումս 2026-ի համար։ Պարզ թուող, բայց բարդութիւններով լեցուն որոշում։ Տեսնենք...

Եւ ուրեմն, ՍԻՐԵԼԻՆԵՐ, ձեր բոլորին-բոլորին ու ձեր սիրելիներուն կը մաղթեմ առողջ, խաղաղ, յաջող  Նոր Տարի՝ զերծ անհեթեթութիւններէ եւ ապուշութիւններէ, իսկ ազգիս ու Հայրենիքիս՝ խաղաղութիւն ու նորանոր վերելքներ։  Եւ յուսանք որ այս տօնական շրջանին, Աստուած իրապէս որ «ականջները լայն բանայ» մեր աղօթքներուն եւ խնդրանքներուն առջեւ։

Շնորհաւոր Նոր Տարի!