Սուրիա- Երէկ «Արեւելք» յայտնած էր Հալէպի Հայ վարժարաններու ուսումնական տարեշրջանի սկիզբին մասին: Մեր աղբիւրները կը յայտնեն, որ երէկ նոյնպէս վերամուտ էր Քեսապի մէջ: «Արեւելք» յաջողեցաւ ստանալ Քեսապի Հայ կաթողիկէ «Բարեյուսոյ» վարժարանի մանկապարտէզի բաժնի վերամուտի պատկերները: Նշենք, որ դպրոցը հիմնուած է 1925 -ին: