image

Վատիկան Հայ Սուրբերու Պատկերներով Դրոշմաթուղթ Պիտի Հրապարակէ

Վատիկան  Հայ Սուրբերու Պատկերներով Դրոշմաթուղթ Պիտի Հրապարակէ

 Վատիկան - Վատիկանի դրոշմաթուղթերու բաժանմունքը հաղորդած է, թէ երկու հայ կրօնաւորներու՝ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի եւ Գրիգոր Նարեկացիի, նուիրուած դրոշմաթուղթեր պիտի հրապարակէ։Այս տարի հարիւրամեակն էր Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն նահատակուած Մալոյեանի սպանութեան, իսկ այս տարուան Ապրիլին, Հռոմի Ֆրանսիսքոս  պապը Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակեց Գրիգոր Նարեկացին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած  պատարագին ընթացքին։ Այս մասին լուրը գրած է «Ռատիօ  Վատիկան»ը