Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան
ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ վերջնական պարպումէն ետք, մեծ թիւով հայ ժողովուրդի վերապրողներ հասնելով Միջին Արեւելքի երկիրներ, յատկապէս Սուրիա եւ Լիբանան, վերակազմեցին իրենց հաւաքական կեանքը: Շատ չանցած՝ հայութեան այս բեկորները սկսան եկեղեցի եւ դպրոց կազմել։
ՄԱՀԱԵՄի ստեղծուելէն առաջ իսկ՝ Հայ Աւետարանական դպրոցներ եւ եկեղեցիներ ձեւ առին եւ համախմբեցին տարագիր հայութիւնը, նոր եւ յուսալից ապագայ մը կերտելու համար։ ՄԱՀԱԵՄը կազմակերպուեցաւ Հալէպի մէջ 1924-ին, եւ իր առաջին Համաժողովը ունեցաւ նոյն տարուայ 30 Ապրիլէն մինչեւ 3 Մայիս։ Յաջորդ տարիներուն ուրոյն Հայ Աւետարանականներու ջանքերով նոր եկեղեցիներ, դպրոցներ հիմնուեցան, նաեւ հիմնուեցան հաստատութիւններ գործակցաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան հետ։
Փառք կու տանք Աստուծոյ, ՄԱՀԱԵՄ-ի հարիւրամեայ հոգեւոր, կրթական , ընկերային եւ այլ ծառայութիւններու իրագործման համար: Այս առթիւ, յոբելենական հանդիսաւոր պաշտամունք մը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 30 Յունիս 2024, երեկոյեան ժամը 7-ին Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիին մէջ (Պէյրութ), ներկայութեամբ Միջին Արեւելեան եւ համաշխարհային տարբեր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպանին, պետական երեսփոխաններու, հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հովիւներու եւ պատկան մարմիններու, եւ մեծ թիւով եկեղեցիներու ժողովուրդին:
Յատուկ հիւրերու կարգին էին Քրիստոսի Միացեալ Եկեղեցիի նախագահուհի Վեր. Դոկտ. Քարէն Ճորճիա Թոմփսընը որ այս առիթով ժամանած էր Լիբանան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աւետարանական համայնքի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Վեր. Դոկտ. Ժոզէֆ Գասապը, Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցիներու Հոգեւոր Խորհուրդի նախագահ Վեր. Ալպեր Փայտեանը, Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը, Յունաստանի Հայ Աւետ. Համնայնքապետ Վեր. Վիգէն Չոլաքեանը, ՄԱՀԱԵՄի կեդրոնական մարմնի ատենապետ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանը, Պարսկաստանի Հայ Աւետ. Եկեղեցիի Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Միշէլ Աղամալեանը, որոնք բաժին վերցուցին Պաշտամունքի ընթացքին:
Փառաբանութեան երգին եւ աղօթքին յաջորդեցին ողջոյնի խօսքը, սաղմոսներու ընթերցումը, փոխասաց աղօթք ժողովուրդին մասնակցութեամբ, Աստուածաշունչի ընթերցումը հայերէն եւ արաբերէն: Կարդացուեցան Հարիւրամեակին նուիրուած շնորհաւորական գիրերն ու խօսքերը:
Պաշտամունքի գլխաւոր առանցքը կը կազմէր Տէրունական Աղօթքը, որուն վրայ կեդրոնացաւ ՄԱՀԱԵՄի Միութեան Նախագահի տեղապահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, իր պատգամին մէջ՝ «Երբ Ներքին Սենեակդ Մտնես»: Ան ըսաւ .-«Ու՞ր է մեր ներքին սենեակը: Հոն է ուր կայ հոգեշունչ հանդիպում ՄԻԱԿին հետ , որ Տէր է, Հոգի է, Սէր է, մինչ կը կարծենք թէ բուն ճոխ հանդիպումը դուրսի սենեակներուն մէջ է, շահաբեր հանդիպումը մեծ թիւերուն հետ է, կամ շողշողուն աստղերուն հետ:»
«Բայց նաեւ դուռդ գոցէ, բայց ո՞րն է մեր դուռը: Դուռը զսպուածութիւնն է դաստիարակիչ, լեզուի, կենցաղի, խորհուրդներու, վարմունքի, եւ արժէչափերու սահմանափակման մէջ: Իսկ դռան նեղուածքին ու մութին մէջ հանգստութիւնը Քրիստոսի լոյսն է, լոյս՝ որ կը թափանցէ ամէն փակ դուռէ ու պատէ:»
Վերապատուելին իր խօսքը աւարտեց.- «Հարիւրամեակի այս տօնը հայ ժողովուրդին եւ Միջին Արեւելեան երկիրներու աննկարագրելի փոթորիկներու մէջ Աստուծոյ խաղաղութիւնն է: Հարիւրամեակի տօնը եկեղեցւոյ միութեան օրինակն ու ճանապարհն է Քրիստոսով: Հարիւրամեակի տօնը անգամ մը եւս Տէրունական Աղօթքի, Տէրունական մթնոլորտի եւ մշակոյթի վերականգնումն է, եկեղեցւոյ նորոգութիւնն է:»
Պաշտամունքի ընթացքին «Արմիս» երգչախումբը առաջնորդութեամբ Վեր. Նշան Պագալեանի (խմբավար) եւ Օրդ. Մաթիլտ Սանտրա Չոլագեանի (դաշնամուր) հոգեւոր երգերով եւ շարականով խորապէս տպաւորեց ներկաները, ստեղծելով միասնական փառաբանութեան մթնոլորտ:
Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքի (Արմիսի կատարողութեամբ) եւ Վեր. Հայտօսթեանի Առաքելական օրհնութեամբ:
Յիշենք թէ նախանուագն ու վերջանուագը կատարեցին Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիի համոյթը: Հիւրասիրութեան շուրջ ներկաները զիրար շնորհաւորեցին եւ փառք տուին Տէրոջ այս ուրախ առթիւ:
Յաջորդական երեք օրերուն տեղի ունեցաւ ՄԱՀԱԵՄի 77րդ համաժողովը Էշրեֆիէի, Նոր Մարաշի, եւ Նոր Ամանոսի Հայ Աւետ. եկեղեցիներէն ներս, ներկայութեամբ Լիբանանի եւ այլ երկիրներու պատուիրակներուն եւ հիւրերուն:
Միութիւնը, ինչպէս Միջին Արեւելքի հայութիւնը, հարիւրէ աւելի տարիներով նկատուած է սփիւռքահայութեան խարիսխը եւ պահապան՝ արեւմտահայ մշակոյթի։ Հակառակ ցարդ գոյութիւն ունեցող բազմապիսի դժուարութիւններուն, ՄԱՀԱԵՄը կը շարունակէ իր հոգեւոր ու ազգային ժառանգութեան տէր կանգնիլ, իր յոյսը Յիսուս Քրիստոսի վրայ պահելով, հաւատքով շարունակելով իր երթը, սիրով ծառայելով իր ազգին եւ նպաստելով իր ապրած երկիրներու բարօրութեան։
Պատիւ անցեալի պատմութիւնը կերտած նուիրեալներուն եւ օրհնեալ ըլլայ ներկայ առաջնորդներու, հովիւներու եւ ժողովուրդի ջանքը ծառայելու Տէր Աստուծոյ անուան փառքին համար:
ՄԱՀԱԵՄի Լրատուութիւն
ՊԷյրութ, 5 Յուլիս, 2024