image

Միջազգային դատարանը Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի հայցով որոշում պիտի հրապարակէ 


Միջազգային դատարանը Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի հայցով որոշում պիտի հրապարակէ    


Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 17 նոյեմբերին պիտի հրապարակէ իր որոշումը՝ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային համաձայնագիրի շրջանակներուն մէջ քննուող Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով՝ Հայաստանի ներկայացուցած ժամանակաւոր միջոց կիրառելու մասին խնդրանքի հարցով:

 

Այս մասին յայտնած են ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանի մամուլի ծառայութենէն:

Նիստը պիտի ընթանայ տեղւոյն ժամանակով ժամը 15:00-ին Հաագայի Խաղաղութեան պալատը: Դատարանի նախագահ դատաւոր Ճոան Տոնոկիւն պիտի կարդայ դատարանի որոշումը:

16 սեպտեմբեր, 2021 թուականին Հայաստան հայց ներկայացուցած էր Ատրպէյճանի դէմ՝ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային համաձայնագիրի ենթադրեալ խախտումներու հիմքով:

19 սեպտեմբեր, 2023 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու նկատմամբ սանձազերծած լայնածաւալ յարձակումներու հետեւանքով 28 սեպտեմբեր, 2023-ին ՀՀ Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչը Հայաստանի Հանրապետութեան անունով դիմում ներկայացուցած էր ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան՝ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային համաձայնագիրի շրջանակներուն մէջ քննուող Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով ժամանակաւոր միջոց կիրառելու մասին խնդրանքով։ 12 հոկտեմբերին ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանը քննած էր Հայաստանի հայցն ընդդէմ Ատրպէյճանին: