Միլիառատէր Ճորճ Սորոս 25 միլիառ տոլար գնահատուող իր կայսրութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը փոխանցած է իր որդոյն Ալեքսին, որ խոստացած է ընտանիքի փողերը օգտագործել աւելի ծայրայեղ ձախ գաղափարներու քարոզչութեան համար:
Սորոսի 37-ամեայ ժառանգորդը The Wall Street Journal-ին յայտնած է, որ աւելի պիտի ընդլայնէ իր հօր քաղաքական նպատակները, բայց պիտի որդեգրէ այլ սկզբունքներ, ինչպիսիք են քուէարկութեան ու յղիութեան վաղ ընդհատման իրաւունքները, սեռային հաւասարութիւնը:
«Ես աւելի հակուած եմ քաղաքականութեան»,- իրեն համեմատելով հօր հետ՝ ըսած է Ալեքսը: Մէկ տարիէն աւելի քիչ ժամանակահատուածին ան արդէն 14 անգամ այցելած է Սպիտակ տուն եւ հանդիպած ազդեցիկ դեմոկրատներու հետ:
Սորոսի «Բաց հասարակութեան» ոչ առեւտրային հիմնադրամը տարեկան մօտ 1,5 միլիառ տոլար կ'ուղղէ խումբերուն, «որոնք կ'աջակցին մարդու իրաւունքներուն ամբողջ աշխարհի մէջ եւ կը ֆինանսաւորեն տարբեր համալսարաններ», հաղորդած է պարբերականը:
Դեկտեմբերին հիմնադրամի խորհուրդը Ալեքսը ընտրած է նախագահ:
Այժմ ան կը ղեկավարէ հիմնադրամի քաղաքական գործունէութիւնը եւ կը հանդիսանայ ընտանիքի միակ անդամը ներդրումային յանձնաժողովին մէջ, որ կը վերահսկէ Սորոսի հիմնադրամի կառավարումը, կը հսկէ հիմնադրամին ֆինանսական ներարկումները:
The Wall Street Journal-ին պատմելով իր նպատակներու մասին, Ալեքսը յայտարարած է, որ զինք կ'անհանգստացնէ հանրապետական Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն վերադառնալու հնարաւորութիւնը, ապա աւելցուցած, որ իր ընտանիքը մեծ ներդրում պիտի ունենայ 2024-ի նախագահական ընտրութիւններուն դեմոկրատներուն աջակցելու գործին մէջ։
Վերջերս Սորոսի անունը շօշափուած է այն գայթակղային պատմութեան մէջ, որ կապուած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին առաջադրուած մեղադրանքների հետ:
Թրամփ Սորոսը մեղադրած է Մանհեթընի շրջանային դատախազ Էլվին Պրեկը ֆինանսաւորելու մէջ եւ կ'ենթադրէ, որ ան է մեղաւոր այն գործի յարուցման համար, որով ինքը կը մեղադրուի մեծահասակներու ֆիլմերու աստղ Սթորմի Տենիելսին լռութեան դիմաց 130 հազար տոլար վճարելու համար: