Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի մասով քրէական վարոյթ եւ ապօրինի գոյքի բռնագանձման հայց կայ:
Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս դատախազութեան 2024-ի գործունէութիւնը ներկայացնելու ընթացքին ըսած է ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեանը:
Դատախազը ըսած է, որ ապօրինի գոյքի բռնագանձման հայցը ներկայացուած է դեռ 2024 թուականի օգոստոսին, ատկէ աւելի վաղ նաեւ քրէական վարոյթով դատարան ուղարկուած մէկ այլ գործ կայ։