image

Վարդան Ղուկասեանի տնային կալանքը 3 ամիսով երկարաձգուեցաւ

Վարդան Ղուկասեանի տնային կալանքը 3 ամիսով երկարաձգուեցաւ

Դատարանը այսօր՝ 13 հոկտեմբերին, բաւարարեց դատախազներուն միջնորդութիւնը եւ որոշեց եւս երեք ամիսով երկարաձգել Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի տնային կալանքը։

Մինչդեռ, Ղուկասեանի փաստաբանները միջնորդած էին իրենց պաշտպանեալին նկատմամբ վարչական վերահսկողութիւն սահմանել։

Անցեալ տարուան Մարտին Գիւմրիի քաղաքապետ ընտրուած Ղուկասեան մեղադրուած է խոշոր չափով կաշառք ստանալու յանցանքով։ Ըստ իրաւապահներուն՝ պաշտօնը ստանձնելէն քանի մը ամիս ետք ան 4 միլիոն դրամ պահանջած է գիւմրեցի գործարար Սեւակ Գոմցեանէն՝ արդէն իսկ կառուցուած ապօրինի շինութիւնը օրինականացնելու համար։

Ղուկասեան նաեւ կը մեղադրուի պաշտօնական դիրքի չարաշահման եւ դրամներու լուացման յանցանքներու համար։ Այս գործը կ՚առնչուի անոր պաշտօնավարման նախորդ շրջանին՝ 2000-ական թուականներուն։ Գիւմրիի քաղաքապետը նաեւ կ՚ընդգրկուի ապօրինի գոյքի բռնագանձման վարոյթին մէջ։