image

Վարչապետը ընդունած է ՀՀ-ի մօտ Իրանի եւ Թուրքմէնստանի դեսպանները. Քննարկուած է եռակողմ համագործակցութեան հարցը

Վարչապետը ընդունած է ՀՀ-ի մօտ Իրանի եւ Թուրքմէնստանի  դեսպանները. Քննարկուած է եռակողմ համագործակցութեան հարցը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյյէտ Քազէմ Սաճատին ու Թուրքմէնստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմէտնիյազ Պատիի Մաշալովը: Այս մասին կը տեղեկանանք Կառավարութեան պաշտօնական կայքէն:

Վարչապետը, ողջունելով հիւրերը, նշած է, որ Իրանի եւ Թուրքմէնստանի հետ Հայաստանի քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը հնարաւորութիւն կու տայ առաւել սերտացնել երկկողմ տնտեսական կապերը, ինչպէս նաեւ ծաւալել եռակողմ ձեւաչափով տնտեսական գործակցութիւն: 

«Մենք շահագրգռուած ենք զարգացնելու Հայաստան-Իրան-Թուրքմէնստան եռակողմ տնտեսական փոխգործակցութիւնը: Հնարաւորութիւն ունենք աւելացնելու մեր երկրների միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալի աճը, եւ 2017 թ. աշխատանքային առաջին օրուայ այս հանդիպումը վկայում է մեր համագործակցութեանը տրուող կարեւորութեան մասին»,- նշած է կառավարութեան ղեկավարը:

 Իրանի ու Թուրքմէնստանի դեսպանները շնորհաւորած են ՀՀ վարչապետը եւ հայ ժողովուրդը Նոր Տարուան առթիւ՝ նշելով, որ իրենց երկիրներու կառավարութիւնները կը կարեւորեն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումը եւ պատրաստ են քննարկել այդ ուղղութեամբ յետագայ քայլերը: 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ուժանիւթի ոլորտին մէջ եռակողմ գործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները: Արծարծուած են ուժանիւթի աղբիւրներու մատակարարման եւ համատեղ նախագիծերու վերաբերեալ հարցեր: Կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են՝ համատեղ աշխատանքային խումբ ձեւաւորելու եւ յստակ ծրագիրներն առարկայական քննարկելու վերաբերեալ:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ցաւակցած է ՀՀ-ի մօտ ԻԻՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին` Իրանի նախկին նախագահ Ալի Աքպար Հաշէմի Ռաֆսանճանիի մահուան առթիւ: