14 յունիսին, ժամը 18:50-ի սահմաններուն, ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Լոռի մարզի քրէական վարչութիւնը տեղեկութիւններ ստացած է, որ Վանաձոր քաղաքի Ուսանողական 4-րդ շէնքէն որդին նետած է մայրը, ապա ինքը նետուած:
Յայտնած է Shamshyan.com-ը։
Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ որդին՝ Լոռի մարզի բնակիչ 41-ամեայ Վլատիմիր Գ.-ն, նախ մայրը՝ Լոռի մարզի բնակիչ 66-ամեայ Նելլի Գրիգորեանը նետած է, ապա տանիքէն ինքը նետուած է վար: