image

«Վանաձոր Քիմպրոմ»ի աշխատողներ բողոքի ցոյց կազմակերպած են՝ չվճարուած աշխատավարձերու հարցով

«Վանաձոր Քիմպրոմ»ի աշխատողներ  բողոքի ցոյց կազմակերպած են՝ չվճարուած աշխատավարձերու հարցով

«Վանաձոր Քիմպրոմ»ի  քանի մը  տասնեակ աշխատողներ այսօր հերթական բողոքի ցոյց կազմակերպած են: Անոնք հաւաքուած են Լոռիի մարզպետարանին դիմաց՝ պահանջելով նախորդ ամիսներու չվճարուած աշխատավարձերը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «tert.am» կայքը:
Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալպանտեան աղբիւրին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ խումբ մը աշխատակիցներ ընդունած է եւ այս պահին խորհրդակցութիւն տեղի կ'ունենայ:

Նշենք, որ աշխատակիցները  2012 թ.-էն դատի տուած էին ՋԷԿ-ի սեփականատէր «Ռեկիոն Էներճի» ընկերութիւնը: 2014 թուականին դատը շահած էին, բայց մինչեւ օրս 153 աշխատողներէն ոչ մէկն իր գումարը  ստացած է: Դատարանը սնանկ ճանչցած էր ընկերութիւնը՝ պարտաւորեցնելով գոյքի վաճառքէն ստացուելիք միջոցներով վճարել շուրջ 130 միլիոն դրամի աշխատավարձի պարտքը: Աւելի ուշ, սակայն, պարզուած էր, որ ընկերութիւնը գոյք չունի: