«Վանաձոր Քիմպրոմ»ի քանի մը տասնեակ աշխատողներ այսօր հերթական բողոքի ցոյց կազմակերպած են: Անոնք հաւաքուած են Լոռիի մարզպետարանին դիմաց՝ պահանջելով նախորդ ամիսներու չվճարուած աշխատավարձերը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «tert.am» կայքը:
Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալպանտեան աղբիւրին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ խումբ մը աշխատակիցներ ընդունած է եւ այս պահին խորհրդակցութիւն տեղի կ'ունենայ:
Նշենք, որ աշխատակիցները 2012 թ.-էն դատի տուած էին ՋԷԿ-ի սեփականատէր «Ռեկիոն Էներճի» ընկերութիւնը: 2014 թուականին դատը շահած էին, բայց մինչեւ օրս 153 աշխատողներէն ոչ մէկն իր գումարը ստացած է: Դատարանը սնանկ ճանչցած էր ընկերութիւնը՝ պարտաւորեցնելով գոյքի վաճառքէն ստացուելիք միջոցներով վճարել շուրջ 130 միլիոն դրամի աշխատավարձի պարտքը: Աւելի ուշ, սակայն, պարզուած էր, որ ընկերութիւնը գոյք չունի: