image

Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումուշաճըգեան այցելեց ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարան

Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումուշաճըգեան այցելեց ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարան

Հայ եկեղեցական եւ համայնքային կեանքին մէջ համագործակցութեան ոգին շարունակ կը շեշտուի որպէս կարեւոր հիմք՝ դիմագրաւելու մեր ժամանակներու հոգեւոր եւ հասարակական մարտահրաւէրները։ Այս շրջագիծին մէջ, տարբեր յարանուանութիւններու միջեւ եղբայրական հանդիպումները նոր թափ կու տան միասնութեան գաղափարին եւ ծառայութեան առաքելութեան։ Նոյն ծիրին մէջ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան օրերս Թեմական Կեդրոնին մէջ ընդունած է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նորանշանակ գործադիր տնօրէն՝ Վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումուշաճըգեանը։ 

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Անցնող մարտ 19-ին, Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան ընդունեց Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նորընտիր գործադիր տնօրէն՝ Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումուշաճըգեանը։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան սպասաւորը, եւ Պատուելի Ճոզէֆ Կարապետեան, Փասատինայի Կիլիկեան Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւը։

Զրոյցի ընթացքին, Սրբազան Հայրը ներկայացուց Թեմին կողմէ իրականացուող առաքելութիւններն ու նախաձեռնութիւնները՝ անդրադառնալով յատկապէս հոգեւոր, կրթական եւ համայնքային ծառայութիւններուն։ Ան ընդգծեց Հայ Առաքելական եւ Աւետարանական համայնքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան առողջ մթնոլորտը՝ կարեւորելով միասնութիւնը եւ համատեղ նպատակները ի շահ հաւատացեալ ժողովուրդին։

Հանդիպման աւարտին, Նորին Սրբազնութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ջերմ եւ բարեկամական այս փոխանակութեան համար, միաժամանակ իր սրտագին բարեմաղթանքները փոխանցելով հիւրերուն՝ անոնց շարունակական հովուական ծառայութեան մէջ յաջողութիւն մաղթելով։