Այս տարի կը լրանայ 100-ամեակը սփիւռքահայ բանաստեղծ, արձակագիր Վահէ Օշականի, որ ծնած է 1922 թուականին Փլովտիւ, Պուլկարիա, որդին է յայտնի գրագէտ եւ վիպասան Յակոբ Օշականի։ Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Կիպրոս եւ Երուսաղէմ։ 1933-ին աւարտած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, իսկ 1939-ին՝ Երուսաղէմի անգլիական Սեն Ճորճ քոլէճը։ 1951 թուականին աւարտած է Սորպոնի համալսարանը, Փարիզ, ուր 1968-ին պաշտպանած է տոքթորական աւարտաճառը բաղդատական գրականութեան մէջ (նիւթը՝ արեւմտահայ գրականութիւն)։
Երկար տարիներ ապրած է Պէյրութ։ 1960-1975 թուականներուն դասաւանդած է տեղւոյն Ամերիկեան միջազգային քոլէճին մէջ, 1962-1975-ին՝ Ամերիկեան համալսարանին մէջ, 1972-1975-ին՝ «Հայկազեան» քոլէճին մէջ, ուր հայագիտական բաժնի տնօրէնը եղած է։ 1960-ական թուականներուն «Բագին» ամսագրի խմբագրական կազմի անդամ եղած է։
Վահէ Օշական Լիբանանի պատերազմի հետեւանքով, 1976-ին փոխադրուած է Ֆիլատելֆիա, ուր 1976-1982 թուականներուն դասաւանդած է Փենսիլվանիոյ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնին մէջ։ 1987-2000-ին հիմնած ու խմբագրած է «Raft» հայ բանաստեղծութեան ու գրաքննադատութեան անգլերէն տարեգիրքը։ Խմբագրած է Յակոբ Օշականի «Երեք թատերախաղեր» հատորը (1991)։
Վահէ Օշական հեղինակած է բանաստեղծութեան եւ պատմուածքներու տասնեակ հատորներ. ինչպէս նաեւ գրական, գրականագիտական եւ քննադատական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ու յօդուածներ՝ մեծ ազդեցութիւն ունենալով սփիւռքահայ գրական նոր սերունդին վրայ:
Գրողին 100-ամեակին առթիւ կը ներկայացնենք անոր Պէյրութ-Փարիզ բանաստեղծութիւնը
ՊԷՅՐՈՒԹ-ՓԱՐԻԶ
Ջափ ջափ ջափ ջափ
Քէպապ հոտող ափերը, հարիւր քունէ արթնցած կը ծափեն ու կը ծափեն
Հաստ վիզերու ծխնիներ, գէշ խարկուած դիմագծեր ու ծանր քիթ
Սրահն ամբողջ կը կաթկթի մահամերձի տրոփներով։
Փշրեմ ճզմեմ բռունցքիս մէջ
Հիւանդ դունչերը սա մարդոց
Որ ոչ ապրեցան ոչ ալ մեռնիլ գիտեն
Պէյրութի մէջ ամէն սիւնի ու անկիւնի շուները կարգով միզեր են
Ու սակարկեր մէն մի փշրանք լումայափոխ աներձագի աշկերտին հետ
Պէյրութի մէջ պարարտ ծիծեր կը կախուին իտէալներու կուրծքերէն
Ու կը կաթին բռնաբարուած լռութիւններու բերաններուն
Պէյրութի մէջ պատանիներ կաղանդ պապան կը կապկեն կէսօրուայ մօտ
Դիակներու բերանները կռուի երգով խցեր են որ չնեխին
Քահանային միակ տղան իր հօր կաշի սեւ գօտիով առաստաղէն կը կախուի
Ու մարդակեր վարժապետներ իրենց մորթով
Պատանքի առուտուր կը սարքեն
Ջափ ջափ ջափ
Փարիզի մէջ
Պզտիկ կայծեր մոխիրին տակ կը ցատկռտեն ու կը մարին
Յոյսը տակաւին չծնած
Թանգարանի մուտքի դրան երիտասարդներ կուկուզ ըրած
Կը մուրան օրն ի բուն
Քնաշրջիկ ճամբորդներէ որոնք պատերու մէջ կը հալին
Փարիզի մէջ տարիներ դգալ դգալ կը մտցուին կոկորդն ի վար
Խանձարուրներ դեռ կը կառչին քառսուն հասած մարդոց
Մարմնին
Ալ մանչուկ չես դուրս ելիր ծօ
Քերխանաճի
Քու անցեալի որովայնի ջերմանոցէն
Փարիզի մէջ
Ծեր կիներ ֆէտայիներ կը շուլլեն սրճարանի անկիւններուն
Մինչ պատանին ֆրանսուհին կը շոյէ, թուքը կամաց մը կը կլլէ
Աս ինչ ազգ է Աստուած իմ, իր լորձունքով արբեցած, ինքն իր կեանքով գիջացող
Սիրտը դրած միջազգային աճուրդի
Լալկան ու լալկան
Հին մէզ հոտող վերմակին տակ
Կծկուած որբանոցի տնտեսուհին
Կարօտնալով ու կարծելով Հայրենիքը սիրել,
Պէյրութ Փարիզ ճամբան չ՚անցնիր Հայաստանէն
Հայաստանի նեխած ու թաց կարօտէն
Այլ կը կտրէ մեծ պողոտան պայքարներու աշխարհին
Չոր աչքերով ու ջիղերով
Չար անհամբեր ու ջղային մարդկութեան։
Ջափ ջափ ջափ
Գոց Վայրերու ինչ բնազդով սա մարդիկը ակումբներու ու
Ժամերու պատերու մէջ
Հնութիւննին կը պարտկեն,
Կը թութակեն իրար զիրար
Սայլերով դար դրան քովը պարպուելու կը սպասէ
Ներսը իրենք ճակատագրի ժամացոյցը, կոտրած մաշած կը լարեն ու կը լարեն
Սպասելով հրաշքին զոր խոստացան երկակենցաղ ճառախօսներ
Պէյրութի մէջ երեխաներ ստամոքսէն կը ծնին
Ու աղջիկներ մինչեւ գօտին կը մեծնան
Կուրծքին հասած կը ծանրանան
Ու կը կախուին դէպի քղանցք
Տղամարդիկ աղիքներու փաթթուած դէպի իտէալ կը շուլլուին
Ու հերոսի ափին մէջէն քանի մը ղրուշ կը թռցնեն
Որ արտօնուին լկտի պատմութիւն պատմելու։
Հոն սալոնը կենդանի պատկեր վերածուած թաց շրթունքներ
Հայկ Նահապետ դպրոցական պայուսակին մէջ մոռցուած։
Աս ինչ ազգ է
Որ կը գանի ինքն իր սերմէն, կը փռնգտայ իր հին փառքի
Փոշիէն
Միտքը ըրած լաթի կտոր որ քրտինքը չորցնէ...
Պէյրութ Փարիզ կը փճանաս մէն մի վայրկեան քու հեշտանքէն
Ալ կորսուէ՛ աշխարհէն
Եթէ չունիս նուէր տալիք մարդկութեան,
Յիշատակդ ալ թող անհետի
Եթէ անով պիտի ապրիս մի միայն,
Եթէ դուն քեզ ընտելացած քոյր ու եղբայր պիտի խաղաս
Բոզանոցի պատին տակը,
Եթէ միայն ծափել գիտես երբ Աշխարհը կը տագնապի ալ անկարող ծափալու
Ջափ ջափ ջափ ջափ ջափ
Անուշ Թրվանց
Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2022