Դատախազը Վահան Բադասեանի խափանման միջոցը փոխելու որոշում կայացուցած է: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական՝ Գոռ Աբրահամեան,-
«Ելնելով նախաքննութեան ընթացքում իրականացուած քննչական, դատավարական գործողութիւնների եւ 10.02.2021 թուականի ստացուած՝ օփերաթիւ-հետախուզական միջոցառումներ իրականացնելու վերաբերեալ յանձնարարութիւնների կատարման արդիւնքներից, հաշուի առնելով իր գործողութիւնների հակաիրաւական բնոյթ ունենալու հանգամանքը գիտակցելու, դրանք պահի ազդեցութեան տակ կատարած լինելու, ազատութեան մէջ մնալու դէպքում պատշաճ վարքագիծ դրսեւորելու պարտաւորուածութեան վերաբերեալ Վ. Բադասեանի կողմից ցուցմունքով տրուած հաւաստիացումները, ինչպէս նաեւ նրա ընտանեկան դրութիւնը, պատերազմական գործողութիւններին մասնակցութիւնը եւ առողջական վիճակը՝ քրէական գործի նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազ Գէորգ Սարգսեանի կողմից կայացուել է Վահան Բադասեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը անազատութեան հետ չկապուած այլ խափանման միջոցով՝ չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ փոխարինելու մասին որոշում»:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ «Արեւելք» լրատուականը անդրադարձած էր Վահան Բադասեանի ձերբակալման մասին: Ան Եռաբլուրի մէջ ֆիզիքական ոչնչացման սպառնալիքներ հնչեցուցած էր վարչապետի հասցէին՝ Նիկոլ Փաշինեանին որակելով «թշնամի»: